ՇՈՒՐՋ ՀԱՐԻՒՐ ՄԵՌԵԱԼՆԵՐ ՆԻԺԵՐԻՈՅ ՄԷՋ

Նիժերիոյ մէջ վերջին օրերուն աւելի քան հարիւր հոգի զոհուած է հեղեղներու հետեւանքով։ Տեւական տեղատարափներէ յետոյ ափերէն դուրս եկած են երկրի երկու խոշորագոյն գետերը՝ Նիժերը եւ Պենուէն: «Արմէնփրէս»ի հաղորդումով, այս մասին երէկ յայտնած է հեռուստառատիօ-հաղորդումներու BBC ընկերութիւնը՝ յղում ընելով Նիժերիոյ տարերային աղէտներու հետեւանքներու դէմ պայքարի ազգային վարչութեան:

Ամենէն շատ տուժած են գիւղական շրջանները, ուր վարարումնեու հետեւանքով ողողուած են պարէնային մշակաբոյսերու ցանքատարածութիւնները, բնակելի տուները, երթեւեկի ճանապարհները: Հազարաւոր մարդիկ հարկադրուած են լքել իրենց հարազատ վայրերը՝ Նիժերիոյ կեդրոնէն եւ հարաւակողմէն: Առաւել բարդ իրադրութիւն ստեղծուած է Նիժեր նահանգին մէջ, ուր տարերքը քառասուն հոգիի կեանքը խլած է: Հեղեղումներ պատահած են Նիժերիոյ տասներկու նահանգներուն մէջ:

Սոյն յորդառատ անձրեւները Նիժերիոյ մէջ տակաւին չեն հանդարտած: Երկրի իշխանութիւնները կը դիտարկեն արտակարգ դրութիւն սահմանել՝ հարցը տարերքի դէմ պայքարի գծով երկրի միջոցառումները ուղղելու համար: 

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 18, 2018