ԱՆԳԱՐԱ ՄԻՇՏ ՇԵՇՏԸ ԿԸ ԴՆԷ ԵՐԵՒԱՆ-ՊԱՔՈՒ ՀԱՄԱՊԱՐՓԱԿ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՎՐԱՅ
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու պատասխանեց հարցումի մը, թէ Արցախի երկրորդ պատերազմէն վերջ Հայաստան չի յարգեր Ատրպէյճանի հետ ստորագրած համաձայնութենէն բխած պարտաւորութիւնները։ Ըստ Չավուշօղլուի, պատերազմի յաղթանակէն վերջ Ատրպէյճան Հայաստանին առաջարկած է համապարփակ խաղաղութեան համաձայնութիւն։ Թէկուզ յապաղումով, Հայաստան դրական արձագանգած է այդ մէկուն։ Իր խօսքով՝ տարածաշրջանային ծրագիրները եւ սահմաններու վերաբերեալ համատեղ յանձնաժողովի որոշումը պէտք է իրականացուի։ Նախարարին խօսքով, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ համապարփակ խաղաղութեան պայմանագիրը շատ կարեւոր է։ Ան անդրադարձած է նաեւ Փրակի վերջին շփումներուն։
«Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ եւ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ բնականոնացման եւ խաղաղութեան դէմ խմբաւորումներ կան։ Սա հայկական սփիւռքի մէկ մասն է։ Բայց մէկ կողմէ անոնց ձայնը շատ բարձր կը հնչէ, իսկ միւս կողմէ յարձակողական ընթացքի մը կը հետեւին», ըսած է Չավուշօղլու։
Իսթանպուլի մէջ կազմակերպուած Թրքական աշխարհի կազմակերպութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու արտահերթ ժողովէն վերջ Չավուշօղլու այս յայտարարութիւնները ըրած է՝ Հանրապետութեան նախագահութեան Տոլմապահչէի գրասենեակի համալիրէն ներս։ Նիստին ներկայ եղած է նաեւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով։ Ըստ Չավուշօղլուի, Պայրամով ներկայացուցած է Հայաստանի հետ տեղի ունեցած ժողովներն ու վերջին իրադարձութիւնները։