ՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՈՐՈՆՈՒՄ
Այսօր առաւօտ Իսթանպուլի մէջ տեղի ունենաւ՝ Հարաւային Կովկասի համար նախատեսուած, «3+3» ձեւաչափով խորհրդատուական հարթակի արտաքին գործոց նախարարներուն ժողովը։ Այս հարթակի վրայ համախմբուած երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները հանդիպեցան արդէն երրորդ անգամ՝ այս անգամ Թուրքիոյ հիւրընկալմամբ։ Այս օրուան ժողովի տանտէրն էր արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան։ Մասնակցեցան Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով, Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով։ Թէեւ այս հարթակը «3+3» կը կոչուի, սակայն առաջին իսկ օրէն Վրաստան կը մերժէ մասնակցելու աշխատաքներուն եւ գործնականօրէն ամէն ինչ կ՚ընթանայ «3+2» հունին մէջ։
Թրքական պաշտօնական աղբիւրները տեղեկացուցին, որ բազմակողմանի հաւաքին առընթեր, Հաքան Ֆիտան երկկողմանի հանդիպումներ ալ կ՚ունենայ ժողովի մասնակից իր պաշտօնակիցներուն հետ։ Բաց աստի, հարթակի ժողովին մասնակից նախարարները Իսթանպուլի մէջ կը հիւրընկալուին նաեւ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի կողմէ։ Թրքական լրատուամիջոցները տեղեկացուցած են նաեւ, որ ժողովի աւարտին կ՚ընդունուի համատեղ յայտարարութիւն մը։
Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներն ալ մանրամասնութիւններ հրապարակեցին Արարատ Միրզոյեանի Իսթանպուլ այցելութեան կապակցութեամբ։ Այսպէս, Միրզոյեան հարթակի հանդիպման մասնակցելու առընթեր Իսթանպուլի մէջ կ՚ունենայ այլ երկկողմանի հանդիպումներ։ Օրուան աւարտին նախատեսուած է նախարար Միրզոյեանի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութեան այցելութիւնը Պատրիարքարան։
Արարատ Միրզոյեանի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը երէկ առաւօտեան կանուխ ժամերուն ժամանեց Իսթանպուլ։ Օրուան տեւողութեան պատուիրակութեան անդամները այս օրուան ժողովի նախապատրաստական աշխատանքներով զբաղեցան։ Արարատ Միրզոյեան երէկ այցելեց նաեւ Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցչութիւնը, ուր հիւրընկալուեցաւ մշտական ներկայացուցիչ Նաիրի Պետրոսեանի եւ գործակիցներուն կողմէ։