ՈՒԺԵՐՈՒ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄ
Փարիզի մէջ տեղի ունեցած ահաւոր ահաբեկչութենէն վերջ, Ֆրանսայի ղեկավարութիւնը արդէն գործնական քայլերու կը ձեռնարկէ՝ յառաջիկայ հակաահաբեկչական պայքարը առաւել արդիւնաւէտութեամբ կազմակերպելու նպատակով։ Հանրապետութեան նախագահ Ֆրանսուա Օլանտի վարչախումբը, այս պահու դրութեամբ կը ձգտի միջազգային բեմահարթակի վրայ ուժերու համախմբում մը ապահովելու։ Երէկ հաղորդուեցաւ, թէ Օլանտ մինչեւ ամսավերջ կը ծրագրէ այցելել Ուաշինկթըն եւ Մոսկուա՝ հանդիպելու համար Միացեալ Նահանգներու Նախագահ Պարաք Օպամայի եւ Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Փարիզի իշխանութիւնները կը ձգտին համակարգել գործողութիւնները՝ «Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» (ԻՇԻՊ) ահաբեկչական խմբաւորման դէմ։ Նախագահներու մակարդակով հանդիպումներուն ընդառաջ, ԱՄՆ-ի Արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերի վերջին օրերուն արդէն այցելեց Փարիզ, ուր տեսակցեցաւ Օլանտին եւ իր ֆրանսացի պաշտօնակցին՝ Լորան Ֆապիուսի հետ։ Կողմերը քննարկումներ ծաւալեցին, թէ ինչպէս կարելի է ուժեղացնել ահաբեկչութեան դէմ պայքարը, մինչ ֆրանսական զօրքերը Սուրիոյ մէջ ալ հետեւողականօրէն կ՚ահագնացնեն ԻՇԻՊ-ի դէմ գործողութիւնները։
Բաց աստի, Ֆրանսա ահաբեկչութեան դէմ պայքարին շրջագծով կ՚ակնկալէ նաեւ Եւրոմիութեան զօրակցութիւնը։ Դեկտեմբերի 17-18-ին Լիւքսեմպուրկի մէջ նախատեսուած ԵՄ-ի գագաթաժողովին ընթացքին օրակարգի վրայ պիտի գան հաւանական վարկածները։ Մինչ այդ, ԵՄ-ի անդամ երկիրներու պաշտպանութեան նախարարները երէկ որոշեցին ընթացք տալ Ֆրանսայի օժանդակութեան պահանջին։ Պրիւքսելի մէջ տեղի ունեցած նախարարաց ժողովէն վերջ այս մասին կատարուեցան պաշտօնական յայտարարութիւններ։ Ֆրանսայի Պաշտպանութեան նախարար Ժան Իվ Լը Տրիան եւ ԵՄ-ի գերագոյն յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինի համատեղ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին անդրադարձան այս նիւթին։ Անոնք յայտնեցին, թէ Եւրոպան միութիւն մըն է, հետեւաբար յարձակումը չէ գործուած միայն Ֆրանսայի, այլ նաեւ ամբողջ Եւրոպայի վրայ։ Յանձնակատարը նշեց, թէ օժանդակութեան ու զօրակցութեան որոշումը առնուած է եւ համատեղ աշխատանքը պիտի շարունակուի։