ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՀԱՒԱՔ
Երէկ, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ Եւրոմիութեան Արեւելեան գործընկերութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն անպաշտօն հանդիպումը։ Իր տեսակին մէջ ութերորդ այս հանդիպման տանտէրն էր Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան։ Հաւաքին մասնակցեցան Եւրոյանձնաժողովի հարեւանութեան քաղաքականութեան եւ ընդլայնման բանակցութիւններու հարցերով յանձնակատար Եոհաննէս Հան եւ Եւրոմիութեան արտաքին գործողութիւններու ծառայութեան ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ Ժան-Քրիստոֆ Պէյար։ Արեւելեան գործընկերութեան մասնակից պետութիւններու բարձրաստիճան պատուիրակութիւններուն մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ այս աշխատանքը, որու ընթացքին ելոյթով մը հանդէս եկաւ Եդուարդ Նալպանտեան։ Ան մատնանշեց յառաջիկայ տարի նախատեսուած գագաթաժողովին ընդառաջ ծաւալուելիք աշխատանքներուն կարեւորութիւնը։ Եոհաննէս Հան եւ Ժան-Քրիստոֆ Պէյար նոյնպէս ելոյթներ ունեցան ժողովին ընթացքին։
Հանդիպման աւարտին պատուիրակութիւններու ղեկավարները եւ Եւրոմիութեան ներկայացուցիչները սարքեցին համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։ Այս առթիւ յայտարարուեցաւ, որ Եւրոմիութիւն-Հայաստան նոր շրջանակային համաձայնագրի շուրջ բանակցութիւններուն յաջորդ փուլը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ ամիս։ Եոհաննէս Հան նշեց նաեւ, որ առաջնային նպատակ կը համարուի Արեւելեան գործընկերութեան անդամ պետութիւններէն ներս աջակցիլ փոքր ու միջին ձեռնարկութիւններուն։ «Վստահ ենք, որ տնտեսութեան զարգացումը կարեւոր է տարածքաշրջանի կայունութեան համար։ Յառաջիկայ քանի մը տարիներուն համար որպէս առաջնային նպատակ որդեգրուած է աջակցիլ աւելի քան 10 հազար փոքր ու միջին ձեռնարկութիւններու, զանոնք յառաջ մղել՝ կարեւորելով ոչ միայն գործող, այլեւ սկսնակ ձեռնարկութիւններու գանձատրումը։ Կարեւոր է նաեւ միջազգային ելմտական կառոյցներու միջոցաւ սկզբնական գումարի տրամադրումը, որպէսզի այդ դրամագլուխի հիման վրայ տրամադրուի աւելի մեծ գանձատրում, փոքր ու միջին ձեռնարկութիւնները կարենան մտնել գանձատրման շուկայ», ըսաւ Հան։
Երէկ, օրուան տեւողութեան Եոհաննէս Հան Երեւանի մէջ ընդունուեցաւ նաեւ Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ։ Զրոյցի ընթացքին կարծիքներ փոխանակուեցան տարածքաշրջանային խնդիրներու եւ մարտահրաւէրներու, մասնաւորապէս Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին շուրջ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Սերժ Սարգսեան ընդգծեց, որ Հայաստան կը կարեւորէ իր մասնակցութիւնը ԵՄ-ի Արեւելեան գործընկերութեան ծրագրին։ Անցեալ տարիներուն ընթացքին, հնարաւորութեան սահմաններուն մէջ, Հայաստան ամէն ինչ ըրած է համագործակցութեան այդ ձեւաչափի զարգացման ու կայացման համար։ Սարգսեան յոյս յայտնեց, թէ Երեւանի ժողովները կ՚ունենան իրենց դրական ներդրումը ԵՄ-ի եւ գործընկեր երկիրներու միջեւ համագործակցութեան ամրապնդման ուղղութեամբ՝ Պրիւքսելի մէջ 2017 թուականին կայանալիք գագաթաժողովին ընդառաջ։
Միւս կողմէ, երէկ Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ նաեւ ԵՄ-ի Արեւելեան գործընկերութեան անդամ երկիրներու մասնակցութեամբ «Հետազօտութիւն, գիտութիւն եւ նորարարութիւն» խորագրեալ երկխօսութեան բնոյթով ժողովը։ Ներկայ էր նաեւ Եւրոյանձնաժողովի հետազօտութեան, գիտութեան եւ նորարարութեան գծով յանձնակատար Քարլոս Մոէտաս։ Հայաստանի Կրթութեան ու գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեանի տանտիրութեամբ տեղի ունեցաւ այս անպաշտօն երկխօսութիւնը։ Քարլոս Մոէտասն ալ ընդունուեցաւ Սերժ Սարգսեանի կողմէ։