ԶԱՐԳԱՑՄԱՆ ՆՊԱՏԱԿՆԵՐ

«Հայաստան» համահայկական հինադրամը այս տարուան հանգանակութեան հասոյթը պիտի յատկացնէ Արցախի ոռոգման համակարգի եւ արեւային ուժանիւթի կայաններու տեղադրման ծրագրերուն։ Յառաջիկայ օրերուն թէ՛ Եւրոպայի եւ թէ Միացեալ Նահանգներու մէջ տեղի պիտի ունենայ հիմնադրամի տարեկան հանգանակութեան արշաւը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արա Վարդանեան վերջերս բացատրութիւններ տուաւ Արցախի վերաբերեալ այդ ծրագրերուն կապակցութեամբ։ Առաջին հերթին հանգանակութեան միջոցները պիտի ուղղուին Արցախի խորքային հորերու արժեւորման նպատակին։ «Արցախի մէջ ոռոգման պահանջը շատ մեծ է, որովհետեւ հողերու շուրջ 93 տոկոսը ոռոգելի չէ։ Այս պատճառով մարդիկ կը ցանեն այն տեսակները, որոնք քիչ ջուրի կարիք ունին կամ ընդհանրապէս չունին։ Հարցը այն է, որ այդ բոլորէն ապահովուած շահը շատ սահմանափակ է», ըսաւ Արա Վարդանեան եւ աւելցուց, որ նպատակ ունին կառուցելու ջրամատակարարման համակարգեր, որոնցմէ իւրաքանչիւրին տարողութիւնը բաւարար պիտի ըլլայ շուրջ 15 հեքթար տարածք ոռոգելու։ Այսպէսով նաեւ շուրջ տասն ընտանիք պիտի ապահովուի կայուն աշխատանքով։ Իւրաքանչիւր համակարգի արժէքը կը հասնի մօտաւորապէս 50 հազար տոլարի սահմանը։ Որոշ տեղեր ալ կը ծրագրուի կաթիլային ոռոգման խողովակներու տեղադրումը։ «Համոզուած ենք, թէ այս ծրագիրը լուրջ տնտեսական ազդեցութիւն կ՚ունենայ», ըսաւ գործադիր տնօրէնը։

Անդրադառնալով երկրորդ ծրագրին՝ Արա Վարդանեան բացատրեց, որ արեւային ուժանիւթակայաններ պիտի ստեղծուին Արցախի մէջ։ Առաջին փուլին Ասկերանի շրջանը եւ Շուշի պիտի օժտուին համապատասխան սարքաւորումներով։ Բոլոր դպրոցները, մանկապարտէզները եւ գիւղապետարանները պիտի օժտուին այդպիսի համակարգով մը։ «Ծրագիրը շարունակական պիտի ըլլայ։ Համոզուած ենք, թէ շատ մեծ արձագանգ պիտի ունենայ։ Ընդհանուր առմամբ՝ պէտք է հասկնանք, որ ամբողջ աշխարհ կ՚ընթանայ արեւային ուժանիւթի ա՛լ աւելի մեծ օգտագործման ճանապարհով», ըսաւ գործադիր տնօրէնը։

Միւս կողմէ, տարեկան նուիրահաւաքման արշաւի ընդառաջ Հայաստանի Վարչապետ Կարէն Կարապետեան այցելեց «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի կեդրոնատեղին, ուր հիւրընկալուեցաւ Արա Վարդանեանի եւ աշխատակազմին կողմէ։ Վարչապետը մանրամասն տեղեկութիւններ քաղեց ծաւալուան աշխատանքին եւ մշակուած ծրագրերուն շուրջ։

Հիմնադրամի 2017 թուականի «Հեռուստամարաթոն»ը նախատեսուած է 23 Նոյեմբերին։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 18, 2017