ԼԷՈՆԱՐՏՕ ՏԻ ՔԱՓՐԻՕ ԵՒ ԹՈՄ ՀԵՆՔՍ Կ՚ԱՋԱԿՑԻՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԱՆՈՒԿՆԵՐ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԻ ԲԱՐԵԳՈՐԾԱԿԱՆ ԵՐԵԿՈՅԻՆ

Հայաստանի Մանուկներ հիմնադրամը (COAF) մօտալուտ տօներուն ընդառաջ՝ սիրով կը յայտարարէ ամենամեծ բարեգործական միջոցառման՝ 14-րդ ամենամեայ դրամահաւաք-երեկոյի մասին։

Ամէն տարի հիմնադրամի աջակիցները կը հաւաքուին Նիւ Եորքի մէջ՝ մասնակիցը ըլլալու երկար սպասուած ու աստղային երեկոյի։ Բարեգործական այս միջոցառման իրենց աջակցութիւնը կը յայտնեն աշխարհահռչակ անձնաւորութիւններ՝ Լէոնարտօ տի Քափրիօ, Թոմ Հենքս, Արիանա Կրանտէ, Քլոյի Քարտաշեան, Քոնան Օ՚Պրայն, Թինա Ֆէյ եւ այլք։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, հանդիսավարը «Էմմի» եւ «Թոնի» մրցանակներու դափնեկիր դերասանուհի Անտրէա Մարթինն է։ Կալա-երեկոյի ընթացքին արուեստի բացառիկ գործերու աճուրդը կը վարէ հանրաճանաչ Սիմոն տէ Փիւրի։ Լուռ աճուրդին ներկայ կ՚ըլլան յայտնի արուեստագէտներ եւ ձեւագծողներ, տեղի կ՚ունենայ քոքթէյլ, ընթրիք, մասնակիցները կը վայելեն կենդանի ճազ կատարում, իսկ Հայաստանէն ժամանած տաղանդաւոր երեխաները հանդէս կու գան յատուկ ելոյթներով։

Որպէս տուրք ժամանակակից նորաձեւութեան՝ այս տարուան կալայի յանձնախումբը հիացմունք կը յայտնէ հագուստի ձեւա-գըծող Փաթրիսիա Ֆիլտին՝ անոր պարգեւելով «COAF-ի մարդասիրական մրցանակը»։ Հիւրերը առաջինը կ՚ըլլան, որ կը դիտեն անոր վերջին հաւաքածոն։

Հայաստանի Մանուկներ հիմնադրամի 14-րդ դրամահաւաք-երեկոն տեղի կ՚ունենայ Շաբաթ օր՝ Դեկտեմբերի 16-ին՝ Նիւ Եորքի ժամով 18.00-23.30-ի միջեւ, «Սիփրիանի» սրահին մէջ։ Շուրջ 400 հիւրերու, աստղերու, պլոկըրներու եւ լրագրողներու մասնակցութեամբ երեկոն կը հեռարձակուի ընկերային ցանցերով։ Հիւրերէն իւրաքանչիւրը անվճար նուէր-ծրար կը ստանայ՝ լի առատաձեռն հովանաւորներու կողմէ տրամադրուած պարգեւներով։

Ինչպէս ծանօթ է, Հայաստանի Մանուկներ հիմնադրամը (COAF) բարեգործական կազմակերպութիւն մըն է, որու նպատակն է բարձրացնել Հայաստանի գիւղաբնակներու կեանքի որակը՝ համայնքային զարգացման երեխայակեդրոն ծրագրերու միջոցով: Հիմնադրամի համակողմանի ծրագրային ձեւի իրագործումը սկսած է 2004 թուականին, եւ այդ ժամանակէն ի վեր կ՚իրականացուին կրթական, առողջապահական, ընկերային եւ տնտեսական ծրագրեր, ինչպէս նաեւ կը հիմնանորոգուին համայնքներու համար կենսական նշանակութիւն ունեցող ենթակառուցուածքները: Այս ծրագրերու շահառուներն են Արմաւիրի, Արագածոտնի, Լոռիի, Գեղարքունիքի, Շիրակի եւ Տաւուշի մարզերու 44 համայնքներու աւելի քան 67 հազար բնակիչները։

2015 թուականէն սկսեալ՝ COAF-ը մշակած եւ իրագործած է նոր տեսլական՝ ՍՄԱՐԹ նախաձեռնութիւն: ՍՄԱՐԹ-ը կրթութեան միջոցով յառաջխաղացում կ՚ապահովէ գիւղական աշխարհի համար, որու արդիւնքին կը շահին անհատները, հասարակութիւնը եւ միջավայրը: ՍՄԱՐԹ-ը կը դառնայ զարգացման օրինակելի ձեւ եւ կը կրկնօրինակուի Հայաստանի այլ մարզերու եւ համայնքներու մէջ:

Շաբաթ, Նոյեմբեր 18, 2017