ԵԹԷ ԵՐԵՒԱՆ ՊԱՏՐԱՍՏ Է, ԱՊԱ ՆԱԵՒ ԱՆԳԱՐԱՆ

Անգարայի ղեկավարութիւնը երէկ պաշտօնապէս արձագանգեց Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ յառաջացած վերջին լարուածութեան։ Այսպէս, Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու յայտարարեց, որ Թուրքիա առանձին չի թողեր եղբայրական Ատրպէյճանը։ «Եկէք տեսնենք, թէ ինչպիսի քայլերու նախաձեռնած է Ատրպէյճան՝ հողերը վերադարձնելէ վերջ։ Շատ կարեւոր ծրագրեր իրականացուած են եւ անոնք կը նպաստեն տարածաշրջանէ ներս կայունութեան հաստատման։ Առաջարկուեցաւ համապարփակ խաղաղութեան համաձայնագիր կնքել։ Հայաստան, սակայն, կրակի դադրեցումէն անմիջապէս յետոյ ներթափանցեց Ատրպէյճանի տարածքը եւ յարձակում իրագործեց զինուորներուն վրայ։ Սա ահաբեկչական յարձակում մըն էր», յայտարարեց Չավուշօղլու։

«Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Մեւլիւտ Չավուշօղլու համոզուած է, թէ Երեւան պէտք է հասկնայ, որ այսպիսի սադրանքները անիմաստ են։ Անոնք երբեք որեւէ արդիւնք չեն ապահովեր։

Մեւլիւտ Չավուշօղլու, միեւնոյն ժամանակ, կոչ ուղղեց համատեղ քայլերու ձեռնարկել՝ տարածաշրջանէ ներս խաղաղութեան եւ կայունութեան ապահովման համար։ «Եթէ Հայաստան պատրաստ է, ապա Թուրքիան եւս պատրաստ է։ Սադրանքները ձախողումներ պիտի ըլլան Երեւանի համար», ըսաւ Չավուշօղլու եւ աւելցուց, որ Անգարա հանդէս կու գայ տարածաշրջանէ ներս երկարաժամկէտ կայունութեան եւ համագործակցութեան նոր էջ մը բանալու ուղղութեամբ։ Ըստ իրեն, Երեւան պէտք է միանգամընդմիշտ ճանչնայ, որ խնդրոյ առարկայ եղածները Ատրպէյճանի տարածքներն են, որոնք ապօրինի կերպով գրաւուած են Հայաստանի կողմէ։

Հարկ է յիշեցնել, որ սահմանի վերջին լարուածութեան օրերուն Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքարն ալ հեռախօսազրոյց մը ունեցած էր Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանովի հետ։ Տեղական մամուլը հաղորդած էր, որ այդ մէկը զօրակցութեան խօսակցութիւն մըն էր։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 18, 2021