ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆ. «ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԿԸ ՁԳՏԻ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՊԱՅՄԱՆԱԳԻՐ ՍՏՈՐԱԳՐԵԼ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՀԵՏ։ ՍԱՀՄԱՆԱԳԾՄԱՆ ՈՒ ՍԱՀՄԱՆԱԶԱՏՄԱՆ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑԸ ՏԵՂԷՆ ՉԻ ՇԱՐԺԻՐ ՊԱՔՈՒԻ ՁԳՁԳՄԱՆ ՊԱՏՃԱՌՈՎ»

Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի վերջին բախումները կը շարունակեն անմիջականօրէն բնորոշել օրակարգը։ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ լարուածութիւնը դարձեալ գագաթնակէտին հասած է եւ այս մթնոլորտին մէջ երկու մայրաքաղաքներէն կը փոխանցուին պատգամներ, որոնք հերթական անգամ ի յայտ կը բերեն անոնց միջեւ ստեղծուած անհաղորդ մթնոլորտը՝ հակառակ Արցախի երկրորդ պատերազմէն վերջ գոյացած հրադադարին եւ համաձայնութիւններուն։

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ յայտարարեց, որ Ատրպէյճանի հետ սահմանազատման եւ սահմանագծման գործընթացը տեղէն չի շարժիր Պաքուի ձգձգումներուն հետեւանքով եւ կամ ապարդիւն թողուելուն պատճառով։ Ըստ Փաշինեանի, Երեւան հետամուտ է խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրման կողմերու միջեւ։ Փաշինեան երէկ Հայաստանի Ազգային ժողովէն ներս ունեցած ելոյթին ժամանակ տեղեկացուց, որ վերջին բախումներուն հետեւանքով սահմանի վրայ դիրքերու հաւասարակշռութիւնները չեն խախտուած։ Երեւանէն կարգ մը աղբիւրներ ալ տեղեկացուցին, որ հայկական կողմը վերջին բախումներուն ժամանակ կորսնցուցած կարգ մը դիրքերը արդէն ետ վերցուցած է։

Փաշինեանի կողմէ բարձրաձայնուած այս մօտեցումներուն զուգահեռ՝ Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան երէկ Մոսկուայի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ռուսաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Նիքոլայ Փաթրուշեւի հետ։ Զրոյցի ընթացքին Արմէն Գրիգորեան շեշտեց, որ Ատրպէյճանի զօրքերը պէտք է լքեն Հայաստանի ինքնիշխան տարածքները։

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանն ալ երէկ բազմակողմանի շը-փումներ ունեցաւ՝ առկայ լարուածութեան մթնոլորտին մէջ։ Նախարար Միրզոյեան, որ վերջին օրերուն Պրիւքսելի մէջ մասնակցած էր Եւրոմիութեան Արեւելեան գործընկերութեան շրջանակին մէջ կազմակերպուած հաւաքին, երէկ հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարի Եւրոպայի եւ Եւրոասիոյ հարցերով տեղակալ Քերըն Տոնֆրիտի, ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահ երկրի՝ Շուէտի Արտաքին գործոց նախարար Անն Լինտէի հետ։ Բաց աստի, Արարատ Միրզոյեան մէկտեղուեցաւ Երեւանի մօտ հաւատարմագրուած դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու ղեկավարներուն հետ։ Այս բոլոր փուլերուն ան շեշտեց, որ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերը կը շարունակեն մնալ Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքէն ներս։ Բաց աստի, Երեւանի պաշտօնական աղբիւրները երէկ տեղեկացուցին, որ Պրիւքսելի մէջ կազմակերպուած Արեւելեան գործընկերութեան երկիրներու նախարարներու հաւաքին ժամանակ Արարատ Միրզոյեան հանդիպում մըն ալ ունեցած է հարեւան Վրաստանի փոխ-վարչապետ ու արտաքին գործոց նախարար Տաւիտ Զալքալիանիի հետ։ Այս վերջինը տեսակցած է նաեւ նոյն հաւաքի մասնակից Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ։ Կը հաղորդուի, որ Թիֆլիզ պատրաստակամ է իր հնարաւորութիւնները ի գործ դնելու՝ տարածաշրջանէ ներս կայունութեան վերահաստատման նպատակով։

Մոսկուայի ղեկավարութիւնն ալ երէկ զանազան հարթութիւններու վրայ արձագանգեց Երեւան-Պաքու վերջին լարուածութեան։ Քրեմլինի բանբերը՝ Տիմիթրի Փեսքով յայտարարեց, որ Ռուսաստանի, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն միջեւ եռակողմանի նոր գագաթաժողովի մը կազմակերպման հնարաւորութիւնը կը դիտարկուի եւ այս ուղղութեամբ անհրաժեշտ է բոլոր կողմերու հաւանութիւնը։ Ան համոզուած է, թէ Հարաւային Կովկասէ ներս կայունացման ապահովման համար անհրաժեշտ է Երեւան-Մոսկուա-Պաքու առանցքին վրայ ձեռք բերուած եռակողմանի համաձայնութիւններու կեանքի կոչուիլը։

Իր կարգին, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովան ալ երէկ կոչ ուղղեց, որպէսզի Երեւան եւ Պաքու զսպուածութիւն ցուցաբերեն, թոյլ չտան նոր դէպքերու ծագման եւ փորձեն բոլոր խնդիրները լուծել դիւանագիտական-քաղաքական ճանապարհով։ Ըստ Զախարովայի, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանազատման ու սահմանագծման գործընթացի շուտով սկսելու կարեւորութիւնը վերահաստատուած է վերջին դէպքերուն ժամանակ։ Ան միեւնոյն ժամանակ շատ կարեւոր համարեց, որ շուտափոյթ ձեւով կազմակերպուի ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու տարածաշրջանային նոր այցելութիւնը։ Մարիա Զախարովա աւելցուց, որ Մոսկուայի եւ Երեւանի միջեւ խորհրդակցութիւններ սկսած են՝ հայկական կողմին օժանդակութեան ցուցաբերման վերաբերեալ հարցերուն շուրջ։ Իր խօսքով՝ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութիւնն (ՀԱՊԿ) ալ ուշադրութեամբ կը հետեւի իրադարձութիւններուն։

Հարկ է նշել, որ երէկ Մոսկուայի մէջ շփումներ ունեցած Արմէն Գրիգորեան ռուսական մամուլին յայտարարած էր, որ Երեւան կ՚ակնկալէ դիւանագիտական եւ ռազմական աջակցութիւն։ Ռուսական զանազան աղբիւրներ ալ սկսած են անդրադառնալ Երեւան-Մոսկուա-Պաքու առանցքին վրայ ձեռք բերուած կարգ մը բանաւոր համաձայնութիւններու. բան մը, որու մասին երկար ժամանակէ ի վեր ահազանգ կը հնչեցնէ Հայաստանի ընդդիմութիւնը։

Միջազգային դերակատարներու միջեւ սկսած դիւանագիտական խտացեալ երթեւեկի պայմաններուն ներքեւ, երէկ տարածաշրջանի իրադարձութիւններուն շուրջ արժեւորում մըն ալ իրականացուցին Ռուսաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Անտրէյ Ռուտենքօ եւ Եւրոմիութեան Հարաւային Կովկասի հարցերով ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաար։

Անն Լինտէն ալ երէկ ողջունեց Ռուսաստանի միջնորդութեամբ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ կրակի դադրեցուիլը։ Ան վերահաստատեց իր աջակցութիւնը՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու եւ իր յատուկ ներկայացուցիչի միջոցաւ շարունակուող գործընթացին ի նպաստ։

Միւս կողմէ, Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը այս առաւօտ տեղեկացուց, որ երէկ ուշ երեկոյեան Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու ստորաբաժանումները անկանոն կրակ բացած են Տաւուշի մարզի սահմաններուն վրայ։ Հայկական կողմը պատասխան գործողութիւններով հանդէս եկած է։ Ըստ նախարարութեան հաղորդագրութեան, այս առաւօտեան դրութեամբ իրադրութիւնը յարաբերականօրէն կայուն է։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 18, 2021