ՇԷՅՔՍՓԻՐԵԱՆ ՓԱՌԱՏՕՆ

Երեւանի մէջ այս օրերուն ընթացքի մէջ է թատերական կարեւոր ձեռնարկ մը, որ այս տարի կազմակերպուած է 15-րդ անգամ։ Այսպէս, Շէյքսփիրեան փառատօնը կը համախմբէ թատերասէրները։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այս փառատօնի բացումը տեղի ունեցաւ «Ամառնային գիշերուայ երազ» ներկայացումով։ Ուսանողական թատրոնի երդիքին տակ, Քիեւի Ազգային ակադեմական երիտասարդական թատերական խումբը բեմադրեց յիշեալ խաղը։ Այս փառատօնին կը հետեւին միջազգային հեղինակաւոր թատերական գործիչներ։

Փառատօնի տնօրէն Կարօ Պալեան նշեց, որ բաւական դժուարութիւններէ վերջ կարելի եղած է համավարակի պայմաններուն ներքեւ նոյն յարկին տակ զանազան երկիրներէ թատերական խումբերու համախմբումը։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 18, 2021