ՊԱՔՈՒԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ այս առաւօտ հիւրընկալեց Ռուսաստանի վարչապետ Միխայիլ Միշուսթինը, որ կ՚այցելէ Պաքու։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Միշուսթին աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Պաքու եւ Ալիեւի հետ իր հանդիպումը տեղի կ՚ունենայ ընդլայնուած կազմով։ Իսկ երէկ, Միշուսթինը հիւրընկալելու ընդառաջ Ալիեւ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Երկու նախագահները մասնաւորապէս անդրադարձած են ուժանիւթի բնագաւառէ ներս համագործակցութեան վերաբերեալ հարցերու։

Պաքուի մէջ Ռուսաստան-Ատրպէյճան Միջտարածաշրջանային ֆորումի լիագումար նիստին ընթացքին ալ ելոյթ մը ունեցաւ Միշուսթին։ «Մոսկուայի եւ Պաքուի համագործակցութիւնը իսկապէս ռազմավարական եւ դաշնակցային բնոյթ մը ստացած է», ըսաւ ան։

«Տարածաշրջանային կապերու աշխարհագրութեան ընդլայնումը եւ հաստատուած շփումներու ամրապնդումը կը նպաստեն մեր երկիրներու տնտեսութիւններու զարգացման», յայտնեց Միշուստին։

Հարկ է նշել, որ այս օրերուն Պաքու կ՚այցելէ նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ռուս համանախագահ Իկոր Խովաեւ, որ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարի յատուկ ներկայացուցիչն է Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններուն գծով։ Ռուս դիւանագէտը վերջին օրերուն այցելած էր նաեւ Երեւան։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 18, 2022