ԺԸՆԵՒԻ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ ԿԸ ՀՐԱՊԱՐԱԿՈՒԻ ՍՈՒՐԻՈՅ ՆՈՐ ՍԱՀՄԱՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ ՄՇԱԿԵԼԻՔ ԿՈՄԻՏԷՆ

Ժընեւի մէջ այսօր շատ կարեւոր հանդիպում մը տեղի կ՚ունենայ Սուրիոյ տագնապի կարգաւորման հեռանկարներուն տեսակէտէ։ Այսպէս, Թուրքիոյ, Ռուսաստանի եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարարները եռակողմանի հանդիպում մը կ՚ունենան Ժընեւի մէջ, ուր ամենայն հաւանականութեամբ կը հռչակեն այն կոմիտէն, որ պիտի խմբագրէ Սուրիոյ նոր սահմանադրութիւնը։ Հարկ է նշել, որ երկրի նոր սահմանադրութեան մշակումը շատ կարեւոր նշանակութիւն ունի ներքին պատերազմը յաղթահարելու տեսակէտէ։ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու այսօր Ժընեւի մէջ կը մէկտեղուի Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի եւ Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ճեւատ Զարիֆի հետ։ Ժողովը կը գլխաւորէ ՄԱԿ-ի Սուրիոյ ճգնաժամի գծով յատուկ ներկայացուցիչ Սթեֆան տէ Միսթուրա։ Այս չորս ուժերը ամենայն հաւանականութեամբ կը հռչակեն, որ Սուրիոյ նոր սահմանադրութիւնը մշակելիք կոմիտէն կազմուած է։

150 հոգիէ բաղկացեալ պիտի ըլլայ Սուրիոյ նոր սահմանադրութիւնը մշակելիք կոմիտէն, որու կազմին մէջ թէ՛ վարչախումբի եւ թէ ընդդիմութեան կողմէ 50-ական ներկայացուցիչ պիտի գտնուի։ Մնացեալ 50 հոգին ալ պիտի բաղկանայ երկրի մտաւորականութեան եւ քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներէն։ Սթեֆան տէ Միսթուրայի կողմէ փոխանցուած տեղեկութիւններով, առաջին 50-ական հոգիէ բաղկացեալ խումբերու շուրջ կողմերը յարաբերաբար շատ աւելի դիւրին համաձայնած են՝ քան վերջին 50 հոգինոց խումբը։ Ան աւելցուց, որ տարուան տեւողութեան Ժընեւի մէջ երաշխաւոր երկիրները ժողովներ կազմակերպած են թէ՛ վարչախումբի եւ թէ ընդդիմութեան պատուիրակութիւններուն հետ։ Թուրք, ռուս եւ իրանցի իրաւասուները բազմիցս ի մի եկած են նաեւ համաձայնելու համար այս կոմիտէին մաս կազմելիք անուններուն վրայ։ Թուրքիա այս ամբողջ գործընթացին մէջ միշտ ընդգծած է, որ այս կոմիտէի անդամները պէտք է ըլլան հաւասարակշռուած եւ հասարակութեան յարգանքին արժանացած անձնաւորութիւններ։

Իսթանպուլի մէջ 27 հոկտեմբերին կազմակերպուած Սուրիոյ վերաբերեալ գագաթաժողովին ժամանակ Թուրքիոյ, Ռուսաստանի, Գերմանիոյ եւ Ֆրանսայի ղեկավարները համաձայնութեան հասած էին, որպէսզի այս կոմիտէն հիմնուի մինչեւ 31 դեկտեմբեր։

Միւս կողմէ, «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ հերթական անգամ Սուրիոյ ճգնաժամին վերաբերեալ հանդէս եկաւ նոր ու վճռական յայտարարութիւններով։ Ինչպէս ծանօթ է, Անգարայի ղեկավարութիւնը միջոցէ մը ի վեր արդէն տեղեկացուցած է, որ Թուրք զինեալ ուժերը յառաջիկայ օրերուն Եփրատի արեւելքին ռազմական գործողութիւններու պիտի ձեռնարկեն՝ այդ տարածքաշրջանը ահաբեկչական տարրերէ մաքրագործելու համար։ Էրտողան երէկ յայտնեց, որ սահմանի ողջ երկայնքով, առանց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու զինուորներու վնաս տալիք ձեւով, Թուրքիա իր ծրագրերուն համապատասխան կէտերէ ամէն պահ կրնայ գործողութիւններու սկսիլ Սուրիոյ տարածքէն ներս։

Էրտողան նշեց, որ Եփրատի արեւելքին իրականացուելիք գործողութիւններու հարցին շուրջ խօսած է նաեւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ՝ անցեալ շաբաթավերջին տեղի ունեցած հեռախօսազրոյցի ընթացքին։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 18, 2018