ՀԱՐԵՒԱՆՆԵՐՈՒ ՋԵՐՄՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան մասնակցեցաւ Վրաստանի նորընտիր նախագահ Սալոմէ Զուրապիշվիլիի երդման արարողութեան, որ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Թելավի քաղաքին մէջ։ Աշխարհի բազմաթիւ երկիրներէ պատուիրակութիւններ ալ մասնակցեցան արարողութեան։ Նախագահ Արմէն Սարգսեան կարճատեւ զրոյցներ ալ ունեցաւ երդման արարողութեան մասնակցած պատուիրակութիւններու ղեկավարներու եւ այլ շարք մը հիւրերու հետ։

Արարողութեան առթիւ Արմէն Սարգսեան յայտարարեց, որ Հայաստան եւ Վրաստան ունին հազարաւոր տարիներու բարեկամական ու եղբայրական յարաբերութիւններ։ Սալոմէ Զուրապիշվիլիի երդման արարողութեան երեկոյեան սարքուեցաւ նաեւ պաշտօնական ընթրիք մը։ Նախագահ Արմէն Սարգսեան եւս ներկայ գտնուեցաւ՝ ի պատիւ Վրաստան ժամանած բարձրաստիճան պատուիրակութիւններուն սարքուած այս պաշտօնական ընթրիքին։

Միւս կողմէ, Արմէն Սարգսեան երէկ Թիֆլիզի մէջ առանձնազրոյց մը ունեցաւ Վրաստանի վարչապետ Մամուքա Պախտածէի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, վրացի վարչապետը շնորհակալութիւն յայտնեց Արմէն Սարգսեանին՝ Սալոմէ Զուրապիշվիլիի երդման արարողութեան ներկայ գտնուած ըլլալուն համար։ Ան ընդգծեց, որ հաճելի է Հայաստանի նախագահը հիւրընկալել Վրաստանի մէջ։ Իր կարգին, Արմէն Սարգսեան նշեց, որ պատիւ համարած է Վրաստանի տեսակէտէ այս կարեւոր իրադարձութիւններու ծիրէն ներս գտնուիլ հարեւան ու բարեկամ այդ երկրէն ներս։

Արմէն Սարգսեան եւ Մամուքա Պախտածէ կարծիքներ փոխանակեցին հայ-վրացական յարաբերութիւններու ներկայ օրակարգին շուրջ։ Անոնք ընդգծեցին արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը զանազան ոլորտներէ ներս խորացնելու կարեւորութիւնը։ Զրոյցի տեւողութեան մասնաւորապէս անդրադարձ կատարուեցաւ առեւտրատնտեսական կապերու զարգացման, կրթութեան եւ մշակութային բնագաւառներէ ներս համագործակցութեան վերաբերեալ հարցերուն։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 18, 2018