ՆԿԱՐՉՈՒՀԻ ԻԼՏԱ ՇԱՔԱՐԵԱՆԻ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԸ՝ ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍԻ ՊՈԼՍԱՀԱՅ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ

Արամ Պօղոսեան կը տեղեկացնէ Լոս Անճելըսէն.-

Լոս Անճելըսի Պոլսահայ միութեան մէջ շաբաթավերջին բացուեցաւ նկարչուհի Իլտա Շաքարեանի ցուցահանդէսը։ Նախկին պոլսահայ արուեստագիտուհիին անհատական ցուցահանդէսը արժանացաւ նկարչասէրներու անմիջական հետաքրքրութեան։ Իր շուրջ հինգ տասնեակ ստեղծագործութիւնները այս առթիւ յանձնուեցան արուեստասէրներու դատին։

Ցուցահանդէսի բացման առթիւ կազմակերպուած ընդունելութեան ընթացքին Իլտա Շաքարեանի արուեստին եւ ստեղծագործական աշխատանքներուն մասին արտայայտուեցաւ Ալին Տօնիկեան։ Ողջոյնի խօսք մը արտասանեց Լոս Անճելըսի Պոլսահայ միութեան մշակութային յանձնախումբի ատենապետ Տքթ. Յովհաննէս Քուլաք։ Նկարչուհի Իլտա Շաքարեանն ալ սրտի խօսքով մը դիմեց ներկաներուն։

Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան շրջանին զուգադիպած այս ցուցահանդէսով Պոլսահայ միութենէն ներս ստեղծուեցաւ տօնական մթնոլորտ։ Իլտա Շաքարեան համբաւ ձեռք բերած է իր արուեստի որակով ու ճաշակով։ Այս ցուցահանդէսն ալ հերթական անգամ եկաւ ապացուցանել, թէ ան որքան կը գնահատուի եւ որքան համակրանք կը վայելէ։

Նկարչուհի Իլտա Շաքարեան, որ ծնած է Պոլիս, Էսաեան վարժարանի շրջանաւարտուհիներէն է։ Գեղարուեստական ոլորտէ ներս երիտասարդութեան շրջանին սկսած է դրսեւորել իր տաղանդը։ Յաճախած է Իսթանպուլի Գեղարուեստից ակադեմիան, ուր ստացած ուսման զուգահեռ մասնագիտացած՝ իւղաներկ գեղանկարչութեան մէջ։ Ուսանողութեան տարիներուն աշխատած է շատ յայտնի արուեստագէտներու հետ։ Ան միեւնոյն ժամանակ ուսումնասիրած է մարդկային արուեստի պատմութիւնը։ Խորացած է նաեւ «վիթրայ»ներու մէջ եւ այդ գետնին վրայ ալ ունի մասնագիտութիւն։ Մինչեւ 1982 թուականը, Միացեալ Նահանգներ գաղթելը, դասաւանդած է Մխիթարեան վարժարանին մէջ։

Իր գործերուն մէջ յստակօրէն կը ցոլանան արտայայտիչ արուեստի դպրոցի ազդեցութիւնները։ Բացի վրձինէն, իր վերջին գործերուն մէջ անանտեսելի վարպետութեամբ օգտագործած է նաեւ «սփաթուլա»ի թեքնիկը։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 18, 2018