ՍԱՄՈՒԷԼ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ 2.8 ՄԻԼԻՈՆ ՏՈԼԱՐ ՆՈՒԻՐԵՑ «ՀԱՅԱՍՏԱՆ» ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԻՆ

Ռուսահայ յայտնի գործարար ու բարերար Սամուէլ Կարապետեան 2 միլիոն 800 հազար տոլար նուիրեց «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին։ Ինչպէս ծանօթ է, մօտաւոր անցեալին տեղի ունեցած էր «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի տարեկան նուիրահաւաքման արշաւը, որու արդիւնքով հանգանակուած գումարը վերջերս 3 միլիոն տոլարով աւելցած է՝ հասնելով 14 միլիոն 115 հազարի։ Այդ յաւելեալ 3 միլիոն տոլարին 2 միլիոն 800 հազարը արդէն նուիրաբերուած է Սամուէլ Կարապետեանի կողմէ։ Հարկ է նշել, որ այս տարուան նուիրահաւաքման արշաւէն վերջ որոշ լրատուամիջոցներ պնդած էին, որ ռուսահայ մեծահարուստներ այս տարի պոյքոթի ենթարկած են հիմնադրամի նուիրահաւաքման արշաւը եւ չեն մասնակցած անոր։ Սամուէլ Կարապետեանի այս վերջին նուիրատուութիւնը կու գայ հերքել այդ պնդումները։

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Հայկակ Արմաշեան այս կապակցութեամբ ըսաւ. «Այդ գումարը ըստ էութեան Արցախ պիտի ուղարկուի։ 900 հազար տոլարի մակարդակով գումար մը պիտի յատկացուի չորրորդ երեխան ծննդաբերող ընտանիքներուն։ Այնտեղ նաեւ երիտասարդական կեդրոն մը կը կառուցուի եւ այդ կեդրոնի շինարարութիւնը շարունակելու համար հիմնադրամին կողմէ նոյնպէս պիտի յատկացուին միջոցներ»։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 18, 2018