ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՖՈՐՈՒՄ

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ Ժընեւի մէջ մասնակցեցաւ Համաշխարհային գաղթականաց ֆորումին։ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերես եւս մասնակցութիւն բերաւ այս հաւաքոյթին, որու ընթացքին Էրտողան հանդէս եկաւ ելոյթով մը։ ՄԱԿ-ի Գաղթականաց բարձր կոմիսարութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած այս ֆորումին Էրտողան մասնակցեցաւ՝ որպէս համանախագահ։ Ժընեւի մէջ Էրտողան շեշտեց, որ միջազգային ընտանիքը դէմ յանդիման կը գտնուի գաղթի աննախընթաց տագնապի մը։ Թուրքիա ցայսօր չէ մերժած ոեւէ մէկը, որ իրմէ ապաստան խնդրած է։ Գաղթականաց խնդիրներու տեւական լուծումը կախում ունի համաշխարհային մակարդակի վրայ առնուելիք քայլերէ։ Էրտողան Ժընեւի մէջ ընդգծեց նաեւ, որ ցարդ Սուրիոյ մէջ ստեղծուած անվտանգ գօտիներ վերադարձած է 371 հազար գաղթական։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 18, 2019