ՆԱԽԱՐԱՐ ՀՈՒԼՈՒՍԻ ԱՔԱՐ. «ՄԵՆՔ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՀԵՏ ՊԻՏԻ ԽՕՍԻՆՔ»

Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմին վերջ տուած հրադադարի համաձայնութեան դիտարկման համար Աղտամի մէջ կ՚ընթանայ Թուրքիա-Ռուսաստան համատեղ ռազմական կեդրոնը։ Շինարարութեան գլուխը կը գտնուի Թուրք զինեալ ուժերէն զօրավար մը եւ գործընթացին կը հետեւի անձնակազմը։

Խումբ մը լրագրողներու հետ զրուցելու ժամանակ Հուլուսի Աքար տեղեկացուց, որ Թուրք զինեալ ուժերը այնտեղ ուղարկած են պայթուցիկ նիւթերու մասնագէտներ։ Անոնք կը մարզեն Ատրպէյճանի բանակի զինուորները եւ աւելի վերջ ալ դաշտի վրայ աշխատանքներ պիտի տանին։ Ականներու որոնման երկու մասնաւոր ստորաբաժանումներ պիտի որոնեն ականները։ Աքար նշեց, որ հրադադարը մեծաւ մասամբ կը պահպանուի, Ռուսաստան ուշադիր է այս նիւթին շուրջ եւ Թուրքիա կը հետեւի իրադարձութիւններուն։ Լրագրողներ հարց տուին, թէ հայերը ետ քաշուա՞ծ են Լեռնային Ղարաբաղէն եւ թուրք զինուորներ պիտի տեղեկայուի՞ն այնտեղ։ Ի պատասխան՝ Հուլուսի Աքար նշեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէկ մասէն ներս հայերը կը շարունակեն մնալ։ Խաղաղութեան պահպանման ծիրէն ներս ռուսերը ստեղծած են ներկայութիւն։ Թուրք զինուորի անբաղձալիութեան հարց մը չկայ։ Թուրք զինուորներու գոյութիւնը Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի միջեւ նիւթ մըն է։ Ռուսերը կը պնդեն, թէ խնդիր կրնայ ծագիլ, ուստի թուրք զինուորներ պէտք չէ գտնուին այնտեղ, ուր կան հայեր։ «Մենք Ատրպէյճանի հետ պիտի խօսինք», ըսաւ Աքար։

Այլ հարցումի մը պատասխանելով՝ նախարարը դիտել տուաւ, որ Նախիջեւանի եւ Լաչինի միջանցքներու հարցին շուրջ Ատրպէյճանի, Ռուսաստանի եւ Հայաստանի միջեւ խօսակցութիւններ կ՚ընթանան եւ յառաջիկայ շրջանին այդ բոլորը պիտի իրականանան։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 18, 2020