ՎԱԶԳԷՆ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ. «ՅԱՊԱՂԻԼԸ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆ ԿՐՆԱՅ ԱՐԺԵԼ»

Հայաստանի ներքին քաղաքական տագնապի մթնոլորտին մէջ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականի պահանջը հետզհետէ աւելի համատարած բնոյթ կը ստանայ։ Պետական համակարգը, ընդհանրապէս երկրի կեանքը կաթուածահար եղած է եւ առկայ կացութեամբ հրաժարականի պահանջին դէմ Փաշինեանի կողմէ ցուցաբերուած անհեռանկար յամառութիւնը դեմոկլեան սուրի նման կը շարժի Հայաստանի գլխուն վրայ։

«Հայրենիքի փրկութեան շարժում» ընդդիմադիր խմբաւորումը այս իրավիճակին մէջ կը շարունակէ իր նախաձեռնութիւնները՝ Փաշինեանի հրաժարականի պահանջով։ Երէկ, Երեւանի կեդրոնին տեղի ունեցաւ ընդդիմութեան կողմէ կազմակերպուած հերթական «Արժանապատուութեան երթ»ը։ Երէկուան երթը սկսաւ «ԹՈՒՄՕ» ստեղծարար փորձագիտութիւններու կեդրոնի յարած այգիէն։ Իսկ այս օրուան երթը նախատեսուած է Գարեգին Նժդեհի հրապարակէն դէպի Եռաբլուրի նահատակաց պանթէոն։ Երէկուան երթին ժամանակ ցուցարարները անցան Բաղրամեան պողոտայով եւ հասան Ֆրանսայի հրապարակը, Օփերայի շէնքին մօտ։ Բաղրամեան պողոտան հատելու ճանապարհին, Ազգային ժողովի շէնքին առջեւէն անցնելու ժամանակ ցուցարարները կոչ ուղղեցին խորհրդարանէ ներս մեծամասնութեան տէր խմբակցութեան երեսփոխաններուն, որպէսզի միանան իրենց։

Իրերայաջորդ «Արժանապատուութեան երթ»երէն վերջ, շաբաթավերջին «Հայրենիքի փրկութեան շարժում»ը կը նախատեսէ մեծ հանրահաւաք մը իրականացնել։ Կառավարութիւնն ալ այս շաբաթավերջին եռօրեայ սուգ հռչակած է՝ հրադադարի ծանր համաձայնութեան քառասուներորդ օրուան առթիւ։ Իշխանութիւնները երթ մըն ալ նախատեսած են Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակէն դէպի Եռաբլուր։ Յառաջիկայ շաբթուայ սկիզբին՝ 22 դեկտեմբեր, երեքշաբթի, ընդդիմութեան կողմէ նախատեսուած է համահայաստանեան գործադուլ եւ դասադուլ, նաեւ կը ծրագրուին քաղաքացիական անհնազանդութեան նոր դրսեւորումներ։ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան ղեկավարներէն Իշխան Սաղաթելեան յայտնեց, որ այդ թուականը իրենց պայքարի ամենավճռական օրը պիտի ըլլայ։ Կը նախատեսուի, որ ընդդիմութիւնը ցուցարարներ հաւաքէ Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ եւ անոնք շրջափակեն կառավարութեան շէնքը։

Ընկերային ցանցերու վրայ երէկ յայտարարութիւնով մը հանդէս գալով՝ Իշխան Սաղաթելեան դաւաճան որակեց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը եւ ահազանգ հնչեցուց, թէ կը յանձնուին գիւղեր ու դիրքեր, որոնք նախատեսուած չէին հրադադարի համաձայնութեամբ։ Ան կոչ ուղղեց, որ ժողովուրդը չհանդուրժէ այս բոլորին։

«Հայրենիքի փրկութեան շարժում»ին կողմէ վարչապետի թեկնածու առաջադրուած Վազգէն Մանուկեանն ալ երէկ հերթական անգամ կրկնեց Փաշինեանի հրաժարականի պահանջը։ Ըստ իրեն, այժմ Սիւնիքի մարզի պարագային Հայաստանի տեսակէտէ աննպաստ գործընթացներ տեղի կ՚ունենան եւ Փաշինեանի քաղաքականութիւնը ցոյց կու տայ, որ նման վտանգներէ զերծ չեն նաեւ Վայոց Ձորի, Գեղարքունիքի եւ Տաւուշի մարզերը։ «Մենք հնարաւորինս շուտ պէտք է ձերբազատուինք այս իշխանութիւններէն եւ ամէն ջանք գործադրենք մեր երկրի խաղաղութիւնն ու անվտանգութիւնը ապահովելու համար։ Յապաղիլը պետութիւն կրնայ արժել», յայտնեց Վազգէն Մանուկեան։

Հայաստանեան մամուլն ալ, բնականաբար, կը շարունակէ լայնօրէն արձագանգել իրադարձութիւններուն։ Ըստ որոշ թերթերու հաղորդումներուն, խորհրդարանէ ներս մեծամասնութեան տէր «Իմ քայլը» խմբակցութենէն բազում երեսփոխաններ ալ, իրականութեան մէջ, յարմար կը դատեն Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը։ Հարկ է նշել, որ վերջին օրերուն Նիկոլ Փաշինեան հանդիպում մը ունեցաւ իր գլխաւորած քաղաքական ուժի այդ խորհրդարանական խմբակցութեան երեսփոխաններուն հետ։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, հանդիպման ընթացքին օրակարգի վրայ եկած են Ընտրական օրէնսգրքի հաւանական փոփոխութիւններ։ Ներկայ եղած է նաեւ Հայաստանի Արդարադատութեան նախարար Ռուստամ Բադասեան։ Ըստ որոշ մեկնաբանութիւններու, Փաշինեան կը ծրագրէ յանկարծակի արտահերթ ընտրութիւն մը իրականացնել՝ թէ՛ ճնշումներէն ձերբազատուելու եւ թէ առկայ կացութենէն նուազագոյն վնասներով դուրս գալու մտադրութեամբ։ Իշխանական խմբակցութենէն որոշ երեսփոխաններ ալ մամուլին յայտնած են, թէ չի բացառուիր որեւէ փուլի մէջ արտահերթ ընտրութիւնը։ Այս կապակցութեամբ կը հնչեն նաեւ մեկնաբանութիւններ, ըստ որոնց, Ընտրական օրէնսգրքին մէջ ինչ փոփոխութիւն ալ կատարուի՝ մարդոց տրամադրութիւնը պիտի չփոխուի Փաշինեանի եւ այժմու իշխանութեան նկատմամբ։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 18, 2020