ՌԱՖԻԿ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ ԴԱՓՆԵԿԻՐ

Յու­նահ­ռո­մէա­կան ո­ճի ըմբ­շա­մար­տի Հա­յաս­տա­նի հա­ւա­քա­կա­նի ան­դամ Ռա­ֆիկ Մա­նու­կեան Իրանի մայրաքաղաքը՝ Թեհ­րա­նի մէջ Թախ­թիի բա­ժա­կի մի­ջազ­գա­յին 36-րդ մր­ցա­շար­քին տի­րա­ցաւ ոս­կիէ մե­տայ­լին: 80 քկ. դա­սա­կար­գին մէջ հայ ըմ­բի­շը ա­ւար­տա­կա­նին ա­ռա­ւե­լու­թեան հա­սաւ ի­րան­ցի Ֆա­լահ Մեհ­տիի նկատ­մամբ: Նախ­քան Մա­նու­կեա­նի՝ ոս­կիէ մե­տայ­լին տի­րա­նա­լը, Ար­տակ Յով­հան­նի­սեան 61 քկ. դա­սա­կար­գին մէջ տի­րա­ցաւ պրոնզ մե­տայ­լին:

Միւս կողմէ,Հա­յաս­տա­նի յու­նահ­ռո­մէա­կան ո­ճի ըմբ­շա­մար­տի հա­ւա­քա­կա­նը՝ գլխա­ւոր մար­զիչ Լե­ւոն Ջուլ­ֆա­լա­կեա­նի հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ, Ե­րե­ւա­նի մէջ սկսաւ հա­ւա­քի մը: Այդ հա­ւա­քը պի­տի տե­ւէ մին­չեւ Յու­նուարի 28-ը: «Ե­րե­ւա­նեան այս հա­ւա­քին կը մաս­նակ­ցին 25 ըմ­բիշ­ներ: Ա­սի­կա պի­տի ըլ­լայ պատ­րաս­տու­թիւն 29-31 Յու­նուա­րին Պուլ­կա­րիոյ մէջ տե­ղի ու­նե­նա­լիք մի­ջազ­գա­յին մրցա­շար­քի մը», ը­սաւ Հա­յաս­տա­նի յու­նահ­ռո­մէա­կան ո­ճի ըմբ­շա­մար­տի հա­ւա­քա­կա­նի մար­զիչ Սա­մուէլ Գէոր­գեան:

Երեքշաբթի, Յունուար 19, 2016