ՔՐԱՔՈՎԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի հետ։ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն նախաձեռնութեամբ, Քրաքովի մէջ կազմակերպուած այս հանդիպումը ընթացաւ երկու փուլերով։ Առաջին փուլին նախարարներուն հետ էին ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները՝ Իկոր Փոփով (Ռուսաստան), Ստեֆան Վիզքոնթի (Ֆրանսա), Էնտրու Շեֆըր (Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ), ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ դեսպան Անճէյ Կասպրչիկ։ Միջնորդներու ներկայութեամբ տեղի ունեցած այս փուլէն վերջ, Նալպանտեան եւ Մամետեարով առանձնազրոյցի ձեւաչափին մէջ շարունակեցին քննարկումները։

Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, հանդիպման ընթացքին շարունակուեցան անցեալ Դեկտեմբերին կայացած քննարկումները՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն Վիեննայի, Սեն Փեթերսպուրկի եւ Ժընեւի գագաթաժողովներուն ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու իրագործման ուղիներուն շուրջ:

Նախարար Եդուարդ  Նալպանտեան կոչ ուղղեց Ատրպէյճանի իր գործընկերոջ՝ հետեւելու համանախագահներու հրադադարի համաձայնագիրները անշեղօրէն յարգելու կոչերուն, կատարելու նախապէս ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները, վերահաստատելու յանձնառութիւնը համանախագահներուն կողմէ առաջարկուած հիմնահարցի կարգաւորման սկզբունքերուն, որպէսզի կարելի ըլլայ ճանապարհ հարթել բանակցային գործընթացի յառաջ մղման համար:

Ժընեւի գագաթաժողովին, նախագահներուն միջեւ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութեան հիման վրայ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները եւ համանախագահները քննարկեցին հակամարտութեան գօտիէն ներս լարուածութեան նուազեցման ուղղութեամբ յաւելեալ քայլերու իրականացման եւ բանակցային գործընթացի աշխուժացման հնարաւորութիւնները:

Սկզբունքային համաձայնութիւն ձեռք բերուեցաւ իրականացնելու ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցչի գրասենեակի կարողութիւններու ընդլայնման վերաբերեալ պայմանաւորուածութիւնը:

Հանդիպման ընթացքին որոշուեցաւ, որ Փետրուարի առաջին կէսին եռանախագահները այցելեն տարածքաշրջան:

Ուրբաթ, Յունուար 19, 2018