ՀԵՆՐԻԽ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ «ԱՐՍԵՆԱԼ» ԿԸ ՎԵՐԱԴԱՌՆԱՅ ՅԱՌԱՋԻԿԱՅ ՇԱԲԱԹ

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան, լոնտոնեան «Արսենալ»ի ընդհանուր խումբին հետ իր փորձերուն կը սկսի յառաջիկայ շաբաթ, յայտնեց ակումբին պաշտօնական կայքէջը:

29 տարեկան Մխիթարեան իր մասնակցութիւնը պիտի չկարենայ բերել «Չելսի»ի դէմ այսօր կատարուելիք «Փրէօմիէր լիկ»ի մրցումին:

Հենրիխ Մխիթարեան, որ վիրաւորուեցաւ 19 դեկտեմբերին, «Թոթենհամ»ի դէմ կատարուած մրցումին, 10 յունուարին անհատական ծրագիրով սկսաւ իր փորձերուն:

Շաբաթ, Յունուար 19, 2019