ՅՍՏԱԿ ՊԱՏԳԱՄՆԵՐ

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ մայրաքաղաք Անգարայի մէջ հիւրընկալեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի անդամներէն Լինտսէյ Կրահամը։ Պեշթեփէի համալիրէն ներս տեղի ունեցաւ հանդիպումը, որ տեւեց շուրջ 2 ժամ 50 վայրկեան։ Կը հաղորդուի, որ զրոյցի ընթացքին քննարկուեցան ամերիկեան զօրքերու Սուրիայէ դուրսբերման վերաբերեալ հարցեր։ Լինտսէյ Կրահամ ծանօթ է ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփի վրայ ունեցած ազդեցութիւնով՝ արտաքին քաղաքական նուրբ խնդիրներու շուրջ։ Նախագահ Էրտողանի առընթեր ամերիկացի ծերակուտականը հանդիպումներ ունեցաւ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուի եւ Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքարի հետ։

Նախագահ Էրտողան ծերակուտական Կրահամի հետ հանդիպման ընթացքին ընդգծեց Թուրքիոյ վճռակամութիւնը՝ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ուղղութեամբ։ Վերջերս Մենպիչի մէջ տեղի ունեցած եւ հինգ ամերիկացի զինուորներու կեանքը խլած յարձակումն ալ երէկ օրակարգի վրայ եկաւ Անգարայի մէջ։ Էրտողան յայտնեց, որ այդ յարձակումը պէտք չէ ազդեցութիւն գործէ ԱՄՆ-ի՝ զօրքերը Սուրիայէն ետ քաշելու որոշումին վրայ։ Էրտողան շեշտեց, որ Թուրքիա որեւէ խնդիր չունի Սուրիոյ բնակիչ ժողովուրդներուն հետ եւ իր պայքարը ուղղուած է ահաբեկչական կազմակերպութիւններու դէմ։ Եփրատի արեւելքի գլխաւորութեամբ Թուրքիա պիտի շարունակէ իր գործողութիւնները։

Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Մենպիչի վերաբերեալ նախապէս որդեգրուած ճանապարհային քարտէսի շուրջ շօշափելի քայլեր առնելու խնդիրը։ Թրքական կողմը սեղանի վրայ դրաւ նաեւ իր առաջարկները՝ Սուրիայէ ներս անվտանգ գօտի մը ստեղծելու խնդրին շուրջ։

Զրոյցի տեւողութեան Էրտողանի եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի միջեւ նախատեսուած հանդիպման ալ անդրադարձ կատարուեցաւ։ Անգարայի մէջ Կրահամի նկատառման յստակօրէն յանձնուեցաւ, որ Թուրքիա բացարձակապէս պիտի չհանդուրժէ իր հարաւային սահմաններու երկայնքով ահաբեկչական նրբանցքի մը ստեղծուելուն։

Միւս կողմէ, Էրտողան եւ Կրահամ երէկ երեկոյեան Անգարայի մէջ միասնաբար մասնակցեցան դաշնակահար Ֆազըլ Սայի համերգին։

Շաբաթ, Յունուար 19, 2019