ՆԱԽԱԳԱՀ ԱՐՄԷՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ՏԵՍԱԿՑԵՑԱՒ ԱՄԷ-Ի ԹԱԳԱԺԱՌԱՆԳԻՆ ՀԵՏ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան աւարտեց դէպի Ապու Տապի աշխատանքային այցելութիւնը։ Ուղեւորութեան եզրափակիչ փուլին ան հանդիպում մը ունեցաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու (ԱՄԷ) թագաժառանգ Շէյխ Մուհամմէտ պին Զաիտ էլ Նահիանի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, զրոյցի ընթացքին քննարկուեցան Հայաստան-ԱՄԷ բարեկամական յարաբերութիւններու եւ շարունակական համագործակցութեան վերաբերեալ հարցեր։ Զրուցակիցները անդրադարձան երկու երկիրներու միջեւ ներդրումներու եւ տնտեսութեան զանազան ոլորտներէ ներս համագործակցութեան խթանման։ Անոնք շօշափած են նաեւ Արմէն Սարգսեանի այցելութեան օրերուն գոյացած համաձայնութիւններու իրականացման վերաբերեալ հարցեր։ Նախագահը եւ թագաժառանգը կարծիքներ փոխանակած են նաեւ տարածաշրջանային եւ միջազգային բնոյթով շարք մը խնդիրներու շուրջ։

Միւս կողմէ, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի աղբիւրները երէկ տեղեկացուցին, որ այս ուղեւորութեան աւարտին Արմէն Սարգսեան կ՚առնէ կարճատեւ արձակուրդ մը, որու ընթացքին կ՚անցնի բժշկական անհրաժեշտ շարք մը հետազօտութիւններէ։

Չորեքշաբթի, Յունուար 19, 2022