ՎԼԱՏԻՄԻՐ ՓՈՒԹԻՆ ԱՅՍՕՐ ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՄԷՋ ԿԸ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԷ ԻՊՐԱՀԻՄ ՌԱԻՍԻՆ

Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին այսօր Մոսկուայի մէջ կը հիւրընկալէ Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռաիսին։ Քրեմլինի աղբիւրները հաղորդեցին, որ երկու ղեկավարները կը քննարկեն Մոսկուա-Թեհրան համագործակցութեան վերաբերեալ հարցերու ամբողջ համալիրը՝ ներառեալ առեւտրատնտեսական ոլորտէ ներս համատեղ նախագծերու իրականացումը։ Միջազգային եւ տարածաշրջանային արդի հարցերն ալ արժեւորման կ՚ենթարկուին անոնց կողմէ եւ այս շրջանակին մաս կը կազմէ Իրանի միջուկային ծրագիրը։ Այսօր Փութինի կողմէ հիւրընկալուելէ վերջ Իպրահիմ Ռաիսի վաղն ալ ելոյթ մը կ՚ունենայ Ռուսաստանի խորհրդարանին՝ Պետական տումայի մէջ։

Ուքրայնայի տագնապը այս շրջանին առաջնահերթօրէն կը զբաղեցնէ Ռուսաստանի օրակարգը՝ մանաւանդ, որ Արեւմուտքի կողմէ առկայ լարուածութեան պայմաններուն ներքեւ ճնշումները կը սաստկանան։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ առանձնապէս ուշագրաւ է, որ վերջին օրերուն Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ այցելեց Քիեւ։ Հակառակ համագործակցութեան այլ ոլորտներուն, Ուքրայնայի տագնապին վերաբերեալ Թուրքիան ալ հետզհետէ կը բարձրաձայնէ իր դիրքորոշումը, որ հակադիր բնոյթ ունի ռուսականին։ Այս հանգամանքը կարեւոր նշանակութիւն ունի նաեւ Ալիեւի կողմէ Քիեւ տրուած այցելութեան տեսակէտէ։

Այդ ուղեւորութենէն վերջ Իլհամ Ալիեւ երէկ հեռաձայնային կապ հաստատած է Վլատիմիր Փութինի հետ։ Ըստ Քրեմլինի աղբիւրներուն, Ալիեւի ուղեւորութեան լոյսին տակ քննարկուած են փակուղիի մատնուած Ուքրայնայի տագնապին վերաբերեալ հարցեր։ Փութին խօսած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ դաշնակիցներու հետ իր ունեցած շփումներուն մասին՝ Ռուսաստանի անվտանգութեան ապահովման երաշխիքներու տրամադրման հարցերուն շուրջ։

Երկու ղեկավարները կարծիքներ փոխանակած են Ղազախիստանի վերջին իրադարձութիւններուն կապակցութեամբ։ Անոնք գոհունակութիւն յայտնած են, թէ իրավիճակը արագօրէն կայունացած է՝ մասնաւորապէս ՀԱՊԿ-ի խաղաղապահ ուժերու միջամտութեան շնորհիւ։ Փութին եւ Ալիեւ վերահաստատած են Մոսկուա-Պաքու ռազմավարական գործընկերութեան ապագայ ամրապնդման իրենց մտադրութիւնը։

Չորեքշաբթի, Յունուար 19, 2022