ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ԿԱՄՔ

Թուր­քիա կ՚ապ­րի դժուա­րին օ­րեր։ Բարդ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նէ մը կ՚անց­նի եր­կի­րը, մէկ կող­մէ ցնցում­նե­րով, իսկ միւս կող­մէ միաս­նա­կան դի­մադ­րու­թեան կամ­քով։ Ան­գա­րա­յի նա­խըն­թաց օ­րուան սահմռ­կե­ցու­ցիչ պայ­թու­մէն վերջ եր­կի­րը ար­դէն կը սգայ տասն նոր նա­հա­տակ­նե­րը։ Ե­րէկ, ան­ջա­տո­ղա­կան ա­հա­բեկ­չա­կան ՓՔՔ կազ­մա­կեր­պու­թեան կող­մէ Լի­ճէի մէջ լա­րուած ծու­ղա­կին եւ ա­հա­բե­կիչ­նե­րու հետ Ի­տի­լի մէջ ծա­գած բախ­ման հե­տե­ւան­քով նա­հա­տա­կուած էին ութ զի­նուոր­ներ եւ ոս­տի­կան­ներ։ Իսկ այս ա­ռա­ւօտ ալ հա­ղոր­դուե­ցաւ, թէ Սու­րի մէջ, Տիար­պա­քըր, զի­նուոր մը եւ ոս­տի­կան մը նա­հա­տա­կուած են անվ­տան­գու­թեան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն շրջագ­ծով։

Այս բո­լոր ցա­ւա­լի ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը ան­բա­ցատ­րե­լի ցա­սում մը ստեղ­ծած են Թուր­քիոյ մէջ։ Եր­կի­րը մէկ կող­մէ սուգ կը պա­հէ, իսկ միւս կող­մէ կը ջա­նայ մի­ջազ­գա­յին բե­մա­հար­թա­կի վրայ հա­մո­զիչ դարձ­նել իր թե­զե­րը։ Ան­գա­րա­յի Հան­րա­պե­տա­կան ա­ւագ դա­տա­խազ Հա­րուն Քո­տա­լաք այս ա­ռա­ւօտ տե­ղե­կա­ցուց, թէ մայ­րա­քա­ղա­քի նա­խըն­թաց օ­րուան պայ­թու­մի դէպ­քը գրե­թէ ամ­բող­ջու­թեամբ բա­ցա­յայ­տուած է, իսկ հա­մա­պա­տաս­խան յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րը պի­տի կա­տա­րուին պե­տա­կան ա­ւա­գա­նիին կող­մէ։ Ար­դէն եր­կու օ­րէ ի վեր պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րը եւ մա­մու­լը կը տե­ղե­կաց­նեն, թէ ՓՔՔ­-ի եւ ա­նոր Սու­րիոյ շա­ռա­ւի­ղին՝ ՓԵՏ-ԵՓԿ-ի գործն է պա­տա­հա­ծը։ Վար­չա­պետ Ահ­մէտ Տա­վուօղ­լու ե­րէկ յայտ­նեց, թէ Ան­գա­րա­յի յար­ձա­կու­մը ուղ­ղա­կիօ­րէն ա­ռըն­չու­թիւն ու­նի ԵՓԿ-ի հետ։ Ան յոյս յայտ­նեց, թէ Թուր­քիոյ դաշ­նա­կից­նե­րը այ­լեւս կը հա­մո­զուին, թէ ԵՓԿ ՓՔՔ­-ի շա­ռա­ւիղն է։ «Ե­թէ ա­նոնք շա­րու­նա­կեն պաշտ­պա­նել ԵՓԿ-ն, ա­պա պի­տի հար­ցաքն­նենք ի­րենց ան­կեղ­ծու­թիւ­նը ա­հա­բեկ­չու­թեան դէմ», ը­սաւ վար­չա­պե­տը եւ ա­ւել­ցուց, թէ այդ­պի­սի եր­կիր­նե­րը դէմ յան­դի­ման կը մնան Թուր­քիոյ կող­մէ բա­րե­կամ դա­սուե­լէ դադ­րե­լու վտան­գին։ Տա­վու­տօղ­լուի խօս­քե­րով, Թուր­քիա պի­տի փո­խա­դար­ձէ ա­մե­նա­ճիշդ պա­հուն, ա­մե­նա­ճիշդ մի­ջո­ցով ու ա­մե­նավճ­ռա­կան ձե­ւով։

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանն ալ այս կապակցութեամբ ըսաւ. «Սուրիոյ հիւսիսի ՓԵՏ-ԵՓԿ-ի եւ Թուրքիոյ ՓՔՔ-ի կապերուն ամրութեան մասին չէինք կրցած համոզել մեր բարեկամները։ Այս պայթումը առիթ պիտի ըլլայ, որպէսզի անոնք աւելի լաւ հասկնան»։ Էրտողան յիշեցուց, թէ 14 հոգի ձերբակալուած է արդէն։

Անգա­րա­յի ա­հա­ւոր պայ­թու­մէն վերջ, Թուրք զի­նեալ ու­ժերն ալ սաս­տիկ հա­րուած­ներ հաս­ցու­ցին ՓՔՔ­-ի դէմ՝ Հիւ­սի­սա­յին Ի­րա­քի մէջ։ Պայ­թու­մէն հա­զիւ քա­նի մը ժամ վերջ F-16 ռազ­մաօ­դա­նա­ւե­րը գոր­ծո­ղու­թիւն­ներ ի­րա­կա­նա­ցու­ցին դէ­պի Հիւ­սի­սա­յին Ի­րաք ու ռմբա­կո­ծե­ցին Հաֆ­թա­նի­նի շրջա­նը։ Ընդ­հա­նուր սպա­յա­կոյ­տի նա­խա­գա­հու­թեան աղ­բիւր­նե­րը տե­ղե­կա­ցու­ցին, որ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը ի­րա­կա­նա­ցուած են, երբ ան­ջա­տո­ղա­կան ա­հա­բեկ­չա­կան կազ­մա­կեր­պու­թեան շարք մը պա­րագ­լուխ­ներն ալ կը գտնուէին այն­տեղ։ Ընդ­հա­նուր առ­մամբ շուրջ 70 ա­հա­բե­կիչ չէ­զո­քա­ցուած է Հաֆ­թա­նի­նի մէջ։

Միւս կող­մէ, դի­ւա­նա­գի­տա­կան գետ­նի վրայ ալ Ան­գա­րա­յի նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րը կը շա­րու­նա­կուին թա­փով։ Վար­չա­պետ Տա­վու­տօղ­լուի հրա­հան­գով, ե­րէկ, ՄԱԿ-ի անվ­տան­գու­թեան խոր­հուր­դի մշտա­կան ան­դամ հինգ եր­կիր­նե­րու՝ ԱՄՆ-ի, Ռու­սաս­տա­նի, Անգ­լիոյ, Ֆրան­սա­յի եւ Չի­նաս­տա­նի դես­պան­նե­րը հրա­ւի­րուե­ցան Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թիւն։ Բաց աս­տի նա­խա­րա­րու­թիւն հրա­ւի­րուե­ցան նաեւ Գեր­մա­նիոյ եւ Եւ­րո­միու­թեան շրջա­նա­յին նա­խա­գահ երկ­րի Հո­լան­տա­յի դես­պա­նը եւ ԵՄ-ի Թուր­քիոյ ա­ռա­քե­լու­թեան նա­խա­գա­հը։ Դես­պան­նե­րը Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան խորհր­դա­տու դես­պան Ֆե­րի­տուն Սի­նիր­լիօղ­լուի կող­մէ տե­ղե­կու­թիւն­ներ ստա­ցան վեր­ջին ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն շուրջ։  

ԱՐԵԱՆ ԼԵԶՈՒՆ ԽՆԴԻՐՆԵՐ ԼՈՒԾԵԼՈՒ ՈՒԺ ՉՈՒՆԻ

Մինչ հզօր պայ­թում մը կը ցնցէր Ան­գա­րան, քա­ղա­քա­կան վեր­լու­ծում­նե­րու հար­թա­կէն ա­րա­գօ­րէն կը փո­խադ­րուէինք ի­րա­կան գե­տին: «Խե­լա­ցի հե­ռա­խօ­ս­»ը ա­րա­գօ­րէն կը բա­նէր ու տաս­նեակ բա­րե­կամ­ներ ու ըն­կեր­ներ ի­րենց սրտակ­ցու­թիւ­նը կը յայտ­նէին ու կը թե­լադ­րէին ա­րա­գօ­րէն հե­ռա­նալ Թուր­քիոյ մայ­րա­քա­ղա­քի տա­րած­քէն: Կեան­քով ե­ռա­ցող քա­ղա­քը, ո­րուն լեփ­լե­ցուն փո­ղոց­նե­րէն անց­նե­լով գի­շեր մը ա­ռաջ հա­սած էի ծա­նօթ­նե­րուս բնա­կա­րա­նը, մէկ ան­գա­մէն կը դառ­նար ու­րուա­կան­նե­րու քա­ղաք: Փո­ղոց­նե­րը կը դառ­նա­յին ա­մա­յի եւ տխուր: Դէ­պի Պո­լիս տա­նող գլխա­ւոր «ԱՇ­ԹԻ» կա­յա­րա­նին մեթ­րոն եւս լուռ եւ ծանր հա­մա­չա­փու­թեամբ մը կը շա­րու­նա­կէր իր եր­թը: Վեր­ջին կա­յա­րա­նը, ուր­կէ ար­դէն ճամ­բայ պի­տի ել­լէի դէ­պի Պո­լիս, նոյն­պէս կ­­՚ապ­րէր լե­ղի լռու­թիւն մը: Մար­դիկ կա­րեկ­ցանք մը, փա­րա­տող բառ մը կը փնտռէին ու ի­րա­րու ե­րե­սին նա­յե­լով հարց կու տա­յին ե­ղա­ծին մա­սին:

Ու ա­պա ա­ւե­լի ուշ, երբ  ճամ­բայ կ՚իյ­նա­յի դէ­պի Պո­լիս, ու­ղե­ւոր­նե­րուն մեծ մա­սը գա­մուած կը մնար հե­ռա­տե­սի­լի պաս­տառ­նե­րուն առ­ջեւ՝ հե­տե­ւե­լու հա­մար վեր­ջին լու­րե­րուն:

Տե­ղի ու­նե­ցա­ծը ա­հա­բեկ­չա­կան պայ­թում մըն էր: Պայ­թու­մին հե­տե­ւան­քով աստ ու անդ նե­տուած տաս­նեակ դիակ­ներ պա­տե­րազ­մա­կան վի­ճա­կի մը տպա­ւո­րու­թիւ­նը կու տա­յին: Մի­ջազ­գա­յին լրա­հո­սին ա­ռա­ջին լու­րը կը դառ­նար Ան­գա­րա­յի պայ­թու­մը: Երկ­րի քա­ղա­քա­կան հիմ­նա­կան կա­ռոյց­նե­րու թա­ղա­մա­սին մօտ ե­ղած այս ա­հա­բեկ­չու­թիւ­նը ան­նա­խըն­թաց էր այն ի­մաս­տով, որ տե­ղի կ­­՚ու­նե­նար քա­ղա­քա­կան ո­րո­շում­նե­րու եւ քննար­կում­նե­րու գլխա­ւոր կեդ­րոն ե­ղող խորհր­դա­րա­նի շէն­քին մօ­տա­կայ­քը:

Յա­ռա­ջա­դէմ մարդ­կու­թեան հա­մար ա­հա­բեկ­չու­թիւ­նը այ­սօ­րուան հիմ­նա­կան խնդիրն է, ու ա­նոր դէմ պայ­քա­րը դար­ձած է հիմ­նա­կան օ­րա­կարգ:

Այս պա­տու­հա­նէն պէտք է նա­յիլ Ան­գա­րա­յի պայ­թու­մին:

Ա­հա­բեկ­չու­թիւ­նը ոչ մէկ խնդիր լու­ծե­լու ու­ժա­կա­նու­թիւն ու­նի:

Ընդ­հա­կա­ռա­կն՝ ա­րեան կու­տա­կու­մը, դա­րա­նա­կալ հա­րուած­նե­րը եւ մութ ձեռ­քե­րով ե­ղած բռնա­րարք­նե­րը ա­ւե­լիով կրնան բար­դաց­նել ի­րադ­րու­թիւ­նը:

Ի վեր­ջոյ ի՛նչ ալ ըլ­լան խնդիր­նե­րը, պէտք է հասկ­նալ, որ Թուր­քիոյ մէջ ներ­կայ կեդ­րո­նա­կան կա­ռա­վա­րու­թեան գո­յու­թիւ­նը միակ խթանն է, ոչ միայն Թուր­քիոյ, այլ ամ­բողջ տա­րած­քաշր­ջա­նին հա­մար:

Այս մա­սին գի­տեն Ո­ւա­շինկ­թը­նի, Փա­րի­զի, Լոն­տո­նի ու գի­տեն նաեւ Մոս­կուա­յի մէջ:

Սխալ գրաւ­նե­րու վրայ դրուած մօ­տե­ցում­նե­րը, ա­րարք­նե­րը, մի­ջամ­տու­թիւն­նե­րը կրնան միայն վնա­սա­բեր ըլ­լալ այն ձեռ­քե­րուն, ո­րոնք կո­չուած են «տաք շա­գա­նակ­նե­ր» հա­նել կրա­կին մէ­ջէն:

Այս ա­րարք­նե­րը կա­րո­ղու­թիւ­նը չու­նին առ­կայ հար­ցե­րը լու­ծե­լու, այլ ա­ւե­լիով կրնան սեւ­ցնել ընդ­հա­նուր տե­սա­րա­նը: Թուր­քիոյ սե­ղա­նին առ­կայ հիմ­նա­կան խնդի­րը՝ «քրդա­կան հար­ց­»ը կա­րե­լի է լու­ծել մի­միայն երկ­խօ­սու­թեան ճա­նա­պար­հով: Երկ­խօ­սու­թե­նէ հե­ռա­ցու­մը, երկ­րի ի­րադ­րու­թիւ­նը այն­քան պի­տի բար­դաց­նէ ու պի­տի դարձ­նէ պայ­թու­ցիկ:

Մի­ջազ­գա­յին շրջա­նակ­նե­րուն մօտ եւս չկան կող­մեր, ո­րոնք գրաւ կ՚ու­զեն դնել զի­նուո­րա­կան այ­լընտ­րանք­նե­րու կամ ա­հա­բեկ­չու­թեան լե­զուով խօ­սող­նե­րու վրայ:

Կը մնայ հասկ­նալ նաեւ, որ Սու­րիոյ մէջ ե­ղած ընդ­հա­նուր ի­րա­վի­ճա­կը իր ուղ­ղա­կի եւ ա­նուղ­ղա­կի ազ­դե­ցու­թիւ­նը կ՚ու­նե­նայ այս երկ­րին վրայ:

Այս բո­լո­րը կան, սա­կայն կայ նաեւ պար­տադ­րուած եւ մա­սամբ կարծ­րա­տիպ դար­ձած խնդիր մը, ո­րուն մա­սին ան­պայ­ման պէտք է շեշտ մը դնել:

Այդ խնդի­րը ժո­ղո­վուրդ­նե­րու ի­րա­րու հետ ապ­րիլ չու­զե­լու կամ ապ­րիլ չկա­րե­նա­լու ան­հիմն կարծ­րա­տիպն է, կամ ա­ւե­լի հե­ռուն եր­թա­լով՝ Թուր­քիոյ գո­յու­թեան սպառ­նա­ցող հա­շուար­կը։ Այս գա­ղա­փա­րին ե­տին կանգ­նող­նե­րը չեն հասկ­ցած, որ նման վար­կած­ներ տեղ մը չեն կրնար տա­նիլ: Պարզ պատ­ճա­ռը այն, որ այս պե­տու­թեան հո­վա­նո­ցին տակ ապ­րող բո­լոր տար­րե­րը նոյն­պէս կրնան յայտ­նուիլ ծանր դրու­թեան մը մէջ:

Այս մօ­տե­ցու­մէն դուրս բո­լոր ճամ­բա­նե­րը միայն կրնան չա­րիք ծնիլ ու այս ընդ­հա­նուր ու­ղե­ծի­րին մէջ է նաեւ, որ ա­մէն գնով պէտք է դա­տա­պար­տուի ա­րեան լե­զուով հար­ցե­րը սե­ղա­նին վրայ դնե­լու բո­լոր մօ­տե­ցում­նե­րը:

Ո­րո՛նք ալ ըլ­լան այդ մօ­տե­ցում­նե­րուն հե­ղի­նակ­նե­րը, կամ որ­քա՛ն ալ ճնշուած ան­կիւն­նե­րէ հա­սած ըլ­լան ա­նոնք, կամ որ­քա՛ն ալ ա­նար­դա­րուած ըլ­լա­լու վար­կա­ծով շար­ժին, մեր­ժե­լի են: Մեր­ժե­լի է ա­նոնց ա­հա­բեկ­չու­թիւ­նը: Ո­րով­հե­տեւ ա­րիւ­նով խնդիր­ներ լու­ծե­լու ե­ղա­նա­կը միայն դէ­պի փա­կու­ղի­ներ կ­­՚ա­ռաջ­նո­րէ:

ՍԱ­ԳՕ Ա­ՐԵԱՆ

Ուրբաթ, Փետրուար 19, 2016