ՄՏԱՀՈԳԻՉ ՊԱՌԱԿՏՈՒՄ

Ամերիկեան The New York Times հեղինակաւոր օրաթերթը վերլուծական մը հրապարակեց Միւնիխի անվտանգութեան միջազգային համաժողովին շուրջ, որ տեղի ունեցաւ անցեալ շաբաթավերջին եւ 55-րդն է իր նմաններու շարքին։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ամերիկեան թերթի յօդուածը ուշադրութիւն կը հրաւիրէ պառակտման մը երեւոյթին վրայ։ Արդարեւ, Միւնիխի անվտանգութեան խորհրդաժողովը ցոյց տուաւ, որ խոր պառակտում մը յառաջացած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ իր դաշնակիցներուն միջեւ։ Արդարեւ, միջազգային քաղաքականութեան բազմաթիւ հարցերու շուրջ հայեացքներու խոր տարբերութիւններ առկայ են Ուաշինկթընի եւ իր դաշնակիցներուն միջեւ։ Արեւմուտքի մէջ կը տիրէ ընդհանուր մտահոգութիւն մը, թէ այս կացութենէն կրնան օգտուիլ Ռուսաստանն ու Չինաստանը։

«Եւրոմիութեան ղեկավարները վաղուց կ՚երկիւղէին, որ ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփի յայտարարութիւնները եւ ընկերային ցանցերու իր հաղորդագրութիւնները կրնան կործանել Հիւսիս Ատլանտեան դաշինքը։ Անոնք յոյս ունէին, թէ հակառակ լարուածութեան կապերը կը դիմանան։ Սակայն, դիւանագէտներու եւ վերլուծաբաններու խօսքով Միւնիխի անվտանգութեան հեղինակաւոր խորհրդաժողովի օրերուն Եւրոմիութեան եւ Թրամփի վարչակազմին միջեւ պառակտումը դարձաւ բացայայտ, լարուածութեամբ լի, ձեռք բերաւ իրական ուրուագծեր։ Այլեւս ոչ ոք կը հաւատայ, թէ Թրամփ հետաքրքրուած է դաշնակիցներու տեսակէտներով ու շահերով», նշուած է The New York Times յօդուածին մէջ։

Դիւանագէտներ եւ հետախուզման աշխատակիցներ լրագրողներու հետ զրուցելու ժամանակ կարծիք յայտնած են, թէ ԱՄՆ-ի եւ իր դաշնակիցներու միջեւ առկայ տարաձայնութիւններէն կրնան օգտուիլ Ռուսաստանն ու Չինաստանը։ Եւրոմիութիւնը, մասնաւորապէս, զայրացած է Իրանի դէմ ԱՄՆ-ի կողմէ սահմանուած պատժամիջոցներէն, որովհետեւ այդ սահմանափակումները շատ աւելի մեծ վնաս կը հասցնեն Եւրոմիութեան՝ քան ԱՄՆ-ի ընկերութիւնները։ Եւրոպացիները այլեւս չեն հաւատար, թէ Ուաշինկթըն պիտի փոխուի։

Ըստ նոյն հրապարակման, ԵՄ-ի պաշտօնատար անձերու տեսակէտով՝ Թրամփ աւանդական դաշնակիցները կ՚ընկալէ՝ որպէս մրցակիցներ տնտեսութեան ոլորտի մէջ։ Ան կը կարծէ, թէ յառաջատարի դերը ԱՄՆ-ին թոյլ կու տայ հաստատել թելադրանք։ Սակայն հետզհետէ աւելի շատ թիւով եւրոպացիներ կը յայտարարեն, որ իրենց կարծիքով՝ ԱՄՆ-ի հետ յարաբերութիւնները երբեք նախկինին նման պիտի չըլլան նաեւ Թրամփի վարչակազմէն յետոյ։

Նոյն նիւթին մէջ տեղ տրուած է Պունտեստակի (Գերմանիոյ խորհրդարան) Արտաքին քաղաքականութեան կոմիտէի նախագահ Նորպերկ Ռետկէնի (Քրիստոնեայ-դեմոկրատական միութիւն) կարծիքը, ըստ որու տարաձայնութիւններու աղբիւրը, իրականութեան մէջ, ոչ թէ Թրամփն է, այլեւ՝ աշխարհաքաղաքական բնոյթի խոր փոփոխութիւններն են եւ աշխարհի մէջ վերադարձ մը կայ դէպի այն իրադրութիւնը, երբ մրցակցութիւն տեղի կ՚ունենայ մեծ տէրութիւններու միջեւ։

Երեքշաբթի, Փետրուար 19, 2019