ՊԻՆԱԼԻ ԵԸԼՏԸՐԸՄ ՀՐԱԺԱՐԱԾ

Ազգային մեծ ժողովի նախագահ Պինալի Եըլտըրըմ երէկ հրաժարեցաւ իր պաշտօնէն։ Ինչպէս ծանօթ է, յառաջիկայ 31 մարտին նախատեսուած տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն Պինալի Եըլտըրըմ Իսթանպուլի քաղաքապետի թեկնածու առաջադրուած է ԱՔ կուսակցութեան եւ «Ճումհուր» դաշինքին կողմէ։ Թեկնածութեան հանգամանքին բերումով ան որոշած է թողուլ խորհրդարանի նախագահի պաշտօնը։

Պինալի Եըլտըրըմ երէկ երեկոյեան հրաժեշտի ընթրիք մը տուաւ երեսփոխաններուն եւ խորհրդարանի նախկին նախագահներուն։

Այսպէսով Ազգային մեծ ժողովէ ներս կը սկսի նաեւ նոր նախագահի մը ընտրութեան գործընթացը։

Երեքշաբթի, Փետրուար 19, 2019