ՀԱՍԱՆ ՌՈՒՀԱՆԻ ԱՆՓՈՓՈԽԵԼԻ ԿԸ ՀԱՄԱՐԷ ԻՐԱՆԻ ՄԻՋՈՒԿԱՅԻՆ ԾՐԱԳՐԻՆ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԻՒՆԸ

Իրանի միջուկային ծրագիրներուն վերաբերեալ հարցերը ներկայիս վերստին առաջնահերթ դարձած են միջազգային օրակարգի վրայ։ Այս ուղղութեամբ կարեւոր գործօն մը դարձած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ նախագահ Ճօ Պայտընի իշխանութեան գլուխ գալը։ Արդարեւ, ԱՄՆ-ի նախկին վարչախումբը Իրանի միջուկային գործարքին վերաբերեալ մօտաւոր անցեալի միջազգային համաձայնութենէն դուրս եկած է։ Նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփի պաշտօնավարութեան տարիներուն Ուաշինկթընի կողմէ առնուած ամենավիճելի քայլերէն մին էր այս մէկը։ Հակառակ ԱՄՆ-ի այդ քայլին, միջազգային համաձայնութիւնը ստորագրած եւրոպացի երկիրները յամառօրէն իրենց հաւատարմութիւնը կ՚արտայայտէին այդ գործարքին ի նպաստ։

Այժմ, երբ ԱՄՆ-ի մէջ նոր իշխանութիւն մը գործի գլուխ եկած է, միջազգային բեմահարթակի վրայ ձեւաւորուած են ակնկալութիւններ, որոնք կը նախատեսեն նախագահ Ճօ Պայտընի կողմէ այդ համաձայնութեան վերահաստատումը։ Յամենայնդէպս, ըստ երեւոյթին, որոշ հաւասարակշռութիւններ փոփոխութեան ենթարկուած են եւ Ճօ Պայտըն այդպէս ալ, մէկ ստորագրութիւնով ԱՄՆ-ը այդ համաձայնութեան վերադարձնելու տեսակէտէ ձեռնպահ կը մնայ։ Մէկ կողմէ հաղորդումներ կան, թէ Թեհրանի ղեկավարութիւնը որոշ չափով շեղած է այդ համաձայնութեան տրամադրութիւններէն։ Իրան ուրանիումի հարստացումը այնպիսի մակարդակի մը հասցուցած է, որ այլեւս շատ մօտ է միջուկային զէնք արտադրելու, ինչ որ այդ համաձայնութեան տարրերէն մին է։ Միւս կողմէ, մօտաւոր անցեալի համաձայնութեան նոյն ձեւով ԱՄՆ-ի վերադարձը յարմար չեն նկատեր կարգ մը երկիրներ, որոնք տարածքաշրջանի հաւասարակշռութիւններուն մէջ հակադրութիւններ ունին Իրանի հետ եւ ԱՄՆ-ի մերձաւորներու շարքին կը դասուին։ Ըստ էութեան, այդ երկիրներու շարքին կը գտնուին Իսրայէլն ու Սէուտական Արաբիան։ Այս վերջինները յարմար կը դատեն, որ Պայտընի ղեկավարութիւնը նոր համաձայնութիւն մը հաստատէ՝ սահմանափակելով նաեւ Իրանի ո՛չ միայն աթոմային, այլ նաեւ՝ պալիստիք զինատեսակները։ Իսկ Իրան յարմար կը դատէ, որ համաձայնութիւնը վերականգնուի այնպէս, ինչպէս որ կնքուած էր։

Երէկ, Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի հերթական անգամ կրկնեց, որ իր երկրի միջուկային գործարքին վերաբերեալ համաձայնագիրը հնարաւոր չէ փոփոխութեան ենթարկել։ Այդ մէկը ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդին կողմէ հաստատուած փաստաթուղթ մըն է։ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի հետ զրուցելու ժամանակ ան նշեց, որ եթէ Եւրոպա իսկապէս կը ձգտի պահպանել համաձայնագիրը եւ կեանքի կոչել անոր նպատակները, ապա պէտք է գործնականօրէն ապացուցանէ այդ բանը։ «Համաձայնագրի պաշտպանութեան միակ միջոցը ԱՄՆ-ի կողմէ Իրանի դէմ սահմանուած անմարդկային պատժամիջոցներու չեղարկումն է», ըսաւ Ռուհանի։ Հարկ է յիշեցնել, որ Թրամփի օրով ԱՄՆ-ի դուրս եկած համաձայնութիւնը կը նախատեսէր Իրանի դէմ միջազգային բոլոր պատժամիջոցներու ջնջուիլը։ Երբ Թրամփի նախաձեռնութեամբ Ուաշինկթըն դուրս եկաւ այդ համաձայնութենէն, ապա վերահաստատեց նաեւ Թեհրանի դէմ պատժամիջոցները։ Եւրոպական երկիրները ներկայիս տարբեր մօտեցումներ ունին ստեղծուած իրավիճակի յաղթահարման տեսակէտէ եւ կ՚առաջարկեն լուծման զանազան միջոցներ։

Այս իրավիճակին մէջ, երէկ համատեղ յայտարարութիւնով մը հանդէս եկան Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարար Ժան-Իվ լը Տրիան, Գերմանիոյ Արտաքին գործոց նախարար Հէյքօ Մաաս,  Անգլիոյ Արտաքին գործոց նախարար Տոմինիք Ռաապ եւ ԱՄՆ-ի պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն՝ անդրադառնալով Իրանի հարցին։ Անոնք այս առթիւ տեղեկացուցին, որ պատրաստ են Ռուսաստանի եւ Չինաստանի մասնակցութեամբ բանակցիլ Իրանի միջուկային ծրագրին շուրջ։ Այդպիսի բանակցութիւններ յառաջ կրնան տարուիլ համատեղ յանձնաժողովի մը կողմէ, որուն գլուխը պէտք է գտնուի Եւրոմիութեան Արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով գերագոյն յանձնակատար Ժոզէֆ Պորել։

Ուրբաթ, Փետրուար 19, 2021