ՄԵՂԱԴՐԱՆՔԻ ԱՌԱՋԱԴՐՈՒՄ

Յետպատերազմեան ծանր իրավիճակին մէջ, երբ Հայաստան քաղաքական տագնապ կը դիմագրաւէ, երկրի իշխանութիւնները կը շարունակեն նախկին իշխանաւորներու դէմ հետապնդումներ կատարել։ Հայաստանի Քննչական կոմիտէն երէկ մեղադրանք առաջադրեց չորս նախկին պաշտօնեայի դէմ։ Անոնք են՝ Երեւանի նախկին քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան, Երեւանի Քաղաքապետարանի աշխատակազմի ճարտարապետութեան ու քաղաքաշինութեան վարչութեան նախկին պետ Անդրանիկ Քասարեան, նոյն քաղաքապետարանի աշխատակազմի կալուածներու կառավարման վարչութեան նախկին պետ Արսէն Ամեան, ինչպէս նաեւ Հայաստանի կառավարութեան առընթեր պետական կալուածներու կառավարման վարչութեան նախկին պետ Արման Սահակեան։

«Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, անոնց դէմ առաջադրուած մեղադրանքը կը վերաբերի պաշտօնական դիրքի չարաշահման։

Ուրբաթ, Փետրուար 19, 2021