ՍԻՒՆԻՔԸ… ՀՐԱՏԱՊ

Հայաստանի Սիւնիքի մարզի իրավիճակը միշտ կը մնայ հրատապ՝ յետպատերազմեան ծանր պայմաններու մէջ։ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման գործընթացը Սիւնիքի մարզի մասնաւորապէս սահմանամերձ գիւղերու պարագային շատ ծանր կացութեան մը պատճառ դարձած է։ Այս բոլոր հարցերուն դէմ շաբաթներէ ի վեր հետեւողականօրէն ահազանգ կը հնչեցնէ Հայաստանի Մարդու իրաւանց պաշտպան Արման Թաթոյեան, որ անթաքոյց կ՚ընդգծէ նաեւ իշխանութիւններու կողմէ ցուցաբերուած աններելի տկարութիւնը։ Արման Թաթոյեանի գլխաւորութեամբ աշխատանքային խումբ մը երէկ այցելեց Սիւնիքի մարզը, ուր սահմանամերձ գիւղերով իրականացուց շրջագայութիւն մը։ Տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ղեկավարներու եւ գիւղացիներու հետ հանդիպումներ ունեցաւ խումբը, լսեց մարդոց վկայութիւնները։

Վերջին շրջանին մեծ անհանգստութեան պատճառ կը դառնայ, որ Ատրպէյճանի զինուորականները Սիւնիքի սահմանամերձ գիւղերու անմիջական հարեւանութեամբ պարբերաբար կրակոցներ կ՚արձակեն։ Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրախումբը որոշած է յաւելեալ վերահսկման կէտ մը հաստատել Սիւնիքի համար։ Այս բոլորին փոխարէն Հայաստանի իշխանութիւնները հաղորդած են, որ Ատրպէյճանի զինուորները պարզապէս կը կրակեն դէպի օդ։

Երէկուան աշխատանքային այցելութեան լոյսին տակ Թաթոյեան ընկերային ցանցերու վրայ հանդէս եկաւ գրառումներով։ «Վերջին օրերուն հրապարակումներ կը կատարուին, թէ Սիւնիքի մարզի սահմանային գիւղերու հարեւանութեամբ Ատրպէյճանի զինուորականներու կրակոցները անկանոն են կամ անոնք պարզապէս դէպի օդ կը կրակեն։ Տպաւորութիւն կրնայ ստեղծուիլ, թէ այս կերպով կը մեղմուի՞ կրակոցներու վտանգը։ Ինչպէ՞ս պէտք է որոշուի՝ որոնք են Ատրպէյճանի անկանոն կրակոցները եւ ինչո՞վ անոնք կը տարբերուին կանոնաւոր կրակոցներէ։ Գիւղացին ինչպէ՞ս պիտի որոշէ, թէ Ատրպէյճանի զինուորը ո՛ր կրակոցը օդ կ՚արձակէ եւ ո՛ր մէկը գիւղին վրայ։ Եթէ գիւղացին ենթադրէ, որ կրակոցը դէպի օդ կ՚արձակուի, ուրեմն ի՞նչ է՝ ինքը արդէն կրնա՞յ հանգիստ ըլլալ։ Իսկ ի՞նչ կապ ունի՝ կրակոցը դէպի օդ արձակուած է եւ կամ գիւղին վրայ», նշեց ան։

Ուրբաթ, Փետրուար 19, 2021