«STRATFOR» ՏԱԳՆԱՊԻ ԼՈՒԾՈՒՄԸ ՓԱՇԻՆԵԱՆԻ ՀՐԱԺԱՐԱԿԱՆԷՆ ԿԱԽԵԱԼ ԿԸ ՀԱՄԱՐԷ
Ամերիկեան «Stratfor» հեղինակաւոր պարբերականը անդրադարձաւ Հայաստանի մէջ կանխահաս ընտրութիւն կազմակերպելու համար առնուած որոշման։ Այսպէս, ըստ վերլուծութեան, եթէ Փաշինեան պնդէ ու շարունակէ պաշտօնավարել, ինչ որ առաւել հաւանական է, ապա ընտրութիւններու կատարուիլը ընդդիմութեան բողոքը թէժացնելու ռիսքեր կը յառաջացնէ։ Փաշինեանի եւ խորհրդարանական ուժերու՝ յունիսի 20-ին արտահերթ ընտրութեան ձեռնարկելու որոշման անդրադառնալով՝ մեկնաբանութեան մէջ նշուած է. «Այդ յայտարարութիւնը տեսականօրէն հնարաւորութիւն կը ստեղծէ դուրս գալ երկրէն ներս ստեղծուած քաղաքական տագնապէն, որու հետեւանքով Փաշինեան բախած է զինուորականութեան եւ քաղաքական ընդդիմութեան դիմադրութեան։ Բայց ամէն ինչ կախեալ է հետեւեալէն՝ Փաշինեան կը մնա՞յ զբաղեցուցած պաշտօնին վրայ, թէ ոչ»։
Ըստ նոյն դիտարկումներուն, եթէ ան համաձայնի հրաժարական տալու, ապա ընտրութիւնները հնարաւորութիւն կու տան դուրս գալու՝ նախորդ տարի Ատրպէյճանի հետ տեղի ունեցած պատերազմին հետեւանքով յառաջացած քաղաքական ճգնաժամէն։ Բայց եթէ Փաշինեան պնդէ ու շարունակէ պաշտօնավարել, ինչ որ առաւել հաւանական է, ապա ընտրութիւնները ընդդիմութեան բողոքը թէժացնելու ռիսքեր կը յառաջացնեն։