ԼԵՒՈՆ ՏԷՐ-ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ ԱՀԱԶԱՆԳ ԿԸ ՀՆՉԵՑՆԷ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՀԱՄԱԿԱՐԳԻ ԱՌՈՂՋԱՑՄԱՆ ՈՒՂՂԵԱԼ ԾՐԱԳՐԻ ՁԱԽՈՂՄԱՆ ԴԷՄ

Հայաստանի Հանրապետութեան Առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի կողմէ գլխաւորուած Հայ ազգային քոնկրէսը երէկ յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ՝ արտահերթ ընտրութիւն իրականացնելու որոշման կապակցութեամբ։ Յայտարարութեան մէջ նշուած է հետեւեալը։

*

Այսօր՝ մարտի 18-ին, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարած է, որ համաձայնութեան եկած է «Բարգաւաճ Հայաստան» եւ «Լուսաւոր Հայաստան» կուսակցութիւններուն հետ՝ յունիսի 20-ին արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու կատարման վերաբերեալ։ Իշխանութեան եւ խորհրդարանական ընդդիմութեան ներկայացուցիչներուն կողմէ հնչած յայտարարութիւններէն կարելի է եզրակացնել, որ նշեալ քաղաքական ուժերը համաձայնութեան եկած են՝ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւնները կատարել գործող ընտրական օրէնսգիրքով՝ «ռէյթինկային» ընտրակարգի պահպանմամբ։ Այդպիսի ահազանգ մարտի 15-ին համատեղ յայտարարութեամբ հնչեցուցած էին նաեւ շուրջ երեք տասնեակ հասարակական կազմակերպութիւններ։

Մինչդեռ, 2021 թուականի մարտի 9-ին Ազգային ժողովի «Իմ քայլը» խմբակցութեան կողմէ պաշտօնապէս շրջանառութեան մէջ դրուած է ընտրական օրէնսգիրքի փոփոխութիւններու նախագիծը։ Որոշ դրութիւններով հանդերձ, օրինագիծը կը լուծէ ընտրութիւնները գաղափարական, քաղաքական հիմքով լուծելու խնդիրը, քաղաքական համակարգը առաւելապէս զերծ պահելով ներկայ ընտրական օրէնսգիրքի ընձեռած՝ ընտրակեղծարարութեան եւ ընտրակաշառքի բաժանման, վարչական միջոցներու օգտագործման համակարգային հնարաւորութիւններէն։ Առանցքային նշանակութիւն ունի՝ յատկապէս, անցումը պարզ համամասնական ընտրակարգի եւ լքումը  այսպէս կոչուած «ռէյթինկային» համակարգի, որ ծրագրային հենքի վրայ պայքարը ընտրութիւններու մէջ ըստ էութեան կը փոխարինէր դրամատէրերու եւ քրէական հեղինակութիւններու մրցակցութիւնով։ Հայաստանի քաղաքական ուժերը հետեւողականօրէն հետապնդած են այդ նպատակը շուրջ 15 տարի եւ անոր շուրջ ձեւաւորուած էր լայն հասարակական քոնսենսիւս՝ բացառութեամբ Հանրապետական կուսակցութեան։

Վերահաստատելով մեր մշտական դիրքորոշումը առ այն, որ նախկին իշխանութիւններուն կողմէ զանգուածային ընտրակեղծարարութեան գործադրմամբ մեր հասարակութեան պարտադրուած «մեծամասնական-ռէյթինկային» ընտրակարգը եղած է քաղաքական փտածութեան եւ պետական ու քաղաքական համակարգերու մէջ տագնապներու յառաջացման հիմնական պատճառներէն մին՝ ծառայելով որպէս իշխանութեան վերարտադրութեան ապահովման կարեւորագոյն գործիք, բացարձակապէս կը մերժենք այդ օրէնքներով ընտրութիւն կայացնելու որոշումը։

Համոզուած ենք, որ առկայ քաղաքական ճգնաժամի առաջարկուող լուծումը առանց ընտրական օրէնսգիրքի փոփոխութեան ընդամէնը պիտի ծառայէ խորհրդարանական կուսակցութիւններու քոնժոնքթիւրային շահերուն եւ պիտի հրահրէ նոր քաղաքական տագնապներ։ Հետեւաբար, իրադարձութիւններու այդօրինակ զարգացումը կ՚ըլլայ ոչ այլ ինչ՝ քան հասարակութեան թիկունքին հիւսուած դաւադիր գործարք։ «Քաղաքացիական պայմանագիր», «Բարգաւաճ Հայաստան» եւ «Լուսաւոր Հայաստան» կուսակցութիւնները ուղղակի պատասխանատուութիւն պիտի կրեն Հայաստանի քաղաքական համակարգի առողջացման ուղղեալ ծրագրի ձախողման համար։

Ուստի, յոյս կը յայտնենք, թէ խորհրդարանական քաղաքական ուժերը կ՚առաջնորդուին ո՛չ թէ իրավիճակային նպատակներով, այլ հաւատարիմ մնալով նախապէս իրենց յայտնած սեփական դիրքորոշումներուն՝ կը դրսեւորեն այս պահուն Հայաստանին այնքան անհրաժեշտ հետեւողականութիւն եւ սկզբունքայնութիւն, արագ կ՚ընդունին ընտրական օրէնսգիրքը, ինչ որ թոյլ կու տայ երկրէն ներս առկայ քաղաքական ճգնաժամը յաղթահարել արդար ընտրութիւններու միջոցաւ։

*

Արտահերթ ընտրութիւններու վերաբերեալ երէկ հրապարակուած որոշումէն անմիջապէս առաջ առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան հանդէս եկած էր հերթական խորհրդածութիւնով։ Ընդդիմադիր շարժումներու կողմէ կատարուած յայտարարութիւններուն եւ իշխանութիւններու որդեգրած դիրքորոշման լոյսին տակ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան բացատրած էր, թէ «Ո՞րն է ելքը»։ «www.ilur.am» կայքէջին վրայ հրապարակուած խորհրդածութեան մէջ Տէր-Պետրոսեան նշած էր հետեւեալը.

«Վարչապետն ու իր յենարանը հանդիսացող քաղաքական ուժը, խայտառակ պարտութեան համար պատասխանատուութենէ խուսափելէ բացի, կ՚առաջնորդուին ո՛չ թէ պետութեան ամրապնդման եւ հզօրացման մտահոգութեամբ, այլ բացառապէս իրենց իշխանութիւնը ամէն գնով պահպանելու անթաքոյց մոլուցքով։ Համաձայն եմ նաեւ հանրութեան մէջ հնչեցուած այն պնդումներուն, թէ իշխող ուժի կողմէ կազմակերպուելիք արտահերթ ընտրութիւններու պարագային ան պիտի չխորշի վարչական միջոցներու համատարած օգտագործումէն եւ այս բանին հետեւանքով բոլոր ընտրատեղամասերը կրնան վերածուիլ լարուածութեան օճախներու։ Համոզուած եմ, թէ այդ պարագային մենք ականատես պիտի ըլլանք Հայաստանի պատմութեան ամենախայտառակ ընտրութիւններուն։ Իսկ սա կրնայ նշանակել հայոց պետականութեան վերջը կամ երկարատեւ մղձաւանջային գոյատեւումը։

«Ուստի, թէ՛ պետութեան, թէ՛ ժողովուրդի, թէ նաեւ անձամբ վարչապետի շահերէն բխող միակ ելքը, իմ կարծիքով, անոր անյապաղ եւ ինքնակամ հրաժարականն է եւ Ազգային ժողովի կողմէ անձեռնմխելիութեան իրաւական երաշխիքներու ապահովմամբ, իր, թէկուզ ժամանակաւոր, ապաստանումը արտերկրի մէջ։ Այդ պարագային վարչապետի պարտականութիւնները պէտք է դրուին անկուսակցական փոխ-վարչապետի մը վրայ, որ իր չէզոքութեան հանգամանքով ընդունակ կ՚ըլլայ ապահովել արդար ընտրութիւններու իրականացումը»։

Ուրբաթ, Մարտ 19, 2021