ԽՈՐՀՐԴԱՒՈՐ ՓՈՒԼԻ ՄԸ ՍԿԻԶԲԻՆ ԳԱՂՏՆԱԲԱՌԵՐՈՒ ԻՐԱՒԱԿԱՆ ՏԷՐԵՐԸ

Հայաստանի մէջ կարեւոր զարգացումներ տեղի ունեցան։ Խօսքը, անշուշտ, կը վերաբերի արտահերթ ընտրութեան, որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ յունիսի 20-ին։

Նախքան այս կարեւոր իրադարձութիւնը, հարկ է յիշել, որ արդէն աւելի քան երկու շաբաթէ ի վեր երկրի ներքին քաղաքական ընդհանուր պատկերը նոր լարման կէտ մը կը ցոլացնէր, երբ Հայաստանի Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահութիւնը յայտարարած էր, որ այլեւս պատրաստ չէր լսել Փաշինեանի խօսքը, հետեւաբար կը պահանջէր անոր հրաժարականը։ Յորդորի տեսքով ներկայացուած «պահանջ»ը դուռ բացաւ զանազան մեկնաբանութիւններու եւ ընդհանուր «խաղ»ը տարաւ՝ տագնապը սահմանադրական ճանապարհով լուծելու օրակարգին։ Այդ առումով եւս տեղի ունեցաւ քաշքշուք։ Իշխանական խաւի գլխաւոր երկու դերակատարները՝ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ նախագահ Արմէն Սարգսեան իրարու միջեւ «խաղաքարտեր» նետեցին եւ հարցը հասցուցին «ո՛չ պարտուող եւ ո՛չ ալ յաղթող»ի կացութեան։

Այս պարանաձգութենէն փորձեց միաւորներ քաղել արմատական ընդդիմութիւնը, որ սաստկացուց իր գործողութիւնները փողոցին մէջ եւ նշանաբան դարձուց բանակին զօրակցելու բնաբանը՝ հաւատալով, թէ այդ ձեւով պիտի կարողանայ «ֆորս մաժէօր»ի վիճակ մը ստեղծել։ Յամենայնդէպս, այս բոլորը մեծ տեղաշարժ մը չստեղծեցին։ Նոյն ընդդիմութեան ներկայացուցիչներէն «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան առաջնորդ Գագիկ Ծառուկեան սպասելի, սակայն ոչ-նախատեսուած քայլով մը Փաշինեանի ձեռքը թօթուեց՝ «Լուսաւոր Հայաստան» կուսակցութեան առաջնորդ Էտմոն Մարուքեանի նման հանդիպելով անոր հետ։ Այսպէսով, ան առկայ տագնապի ամենէն վճռորոշ պահուն եւ առաջին անգամ վարչապետարանէն «ճերմակ ծուխ» մը հանելու դերին մէջ յայտնուեցաւ։

Այս բոլորին զուգահեռ՝ հիմա արդէն պարզ է, որ ընդդիմութեան շարքերէն «Հայրենիք» կուսակցութիւնը, նախկին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան եւ խորհրդարանի երկու ընդդիմադիր ուժերը՝ «Բարգաւաճ Հայաստան» եւ «Լուսաւոր Հայաստան» կուսակցութիւնները յօժարակամ են մասնակցելու գալիք արտահերթ ընտրութիւններուն։ Ու այստեղ է նաեւ, որ նոր հարց մը կը ծագի, որովհետեւ այս ուժերուն առած քայլը, նոր բեկում մը պիտի յառաջացնէ ընդդիմադիր կուսակցութիւններուն, ուժերուն միջեւ, որոնք իրարմէ բաւական տարբեր մօտեցումներ ունին։ Այստեղ նոյնիսկ չի բացառուիր այն վարկածը, որով Փաշինեան մինչեւ յունիսի ընտրութիւնները կրնայ «կիսատ թողել» ընտրական օրակարգը եւ խաղէն դուրս գալ։ Բաց աստի, կան նաեւ կանխատեսումներ, ըստ որոնց այս բոլորը գետին պիտի պատրաստեն Փաշինեանի հեռացման, «Իմ քայլը»՝ այժմու մեծամասնական ուժի փլուզման։

Ընտրութեան օրակարգը, բնականաբար, պիտի բանայ հարցադրումներու նոր ժամանակաշրջան մը, որ գլխաւորապէս պիտի պայմանաւորուի ընտրական օրէնսգիրքով։ Թէ ինչպիսի՞ օրէնսդրութիւնով մը ընտրութիւններու պիտի երթայ երկիրը եւ արդեօք որդեգրուելիք ձեւաչափը պիտի բաւարարէ՞ քաղաքական շրջանակները։ Այս բոլորի լոյսին տակ, այսօր արդէն իսկ աւելի քան պարզ է, որ Հայաստանի ներքին քաղաքական կեանքի կարեւոր շերտերու վերադասաւորման մէջ առանցքային դեր կ՚ունենան՝ յաճախ ռուսական ազդեցութեան գօտիէն դուրս ազդու գործիչներ, որոնք ձեւով մը կապ ունին արեւմտեան աշխարհի հիմնական խաղացողներուն հետ։

Ամէն պարագայի, նոր ընտրութեան վերաբերեալ տեսակէտները մեզ կը տանին՝ ներքին մղումով հաւանական փոխհամաձայնութիւններու, բաւական խորհրդաւոր փուլի մը, որու հիմնական խօսքն ու կոչն է երկրի քաղաքական դաշտը վերաձեւաւորել միայն ու միայն խաղաղ միջոցներով։ Այս առումով գործին ետեւը կանգնած մարդիկ, որոնք շատ հաւանաբար կարեւոր «գաղտնաբառեր»ու իրական տէրերը ըլլան, իրենց մօտ ունին ո՛չ միայն խաղը կառավարելու վահանակը, այլ նաեւ՝ Հայաստանը ներքին աւելի մեծ լարուածութենէ մը եւ նոյնիսկ արիւնահեղութենէ մը հեռու պահելու հիմնական գրաւականը։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Մարտ 19, 2021