ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆԻ ԵՒ ԱՐԵՒԵԼԱՀԱՅԵՐԷՆԻ ՈՒՍՈՒՑՈՂԱԿԱՆ ԽԱՂԵՐ

Հա­յաս­տա­նի մէջ թո­ղար­կած են տասն­վեց խա­ղե­րէ բաղ­կա­ցած ծրար մը, որ կը սոր­վեց­նէ ա­րե­ւե­լա­հա­յե­րէն ու ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէն (որ յատ­կա­պէս ար­դիա­կան է Սփիւռ­քի մէջ): Playland Armenia խա­ղը մշա­կած է Digital Pomegranate ըն­կե­րու­թիւ­նը՝ «Գա­լուստ Կիւլ­պէն­կեան» հիմ­նադ­րա­մին ա­ջակ­ցու­թեամբ:

Խա­ղե­րը նա­խա­տե­սուած են սկսնակ­նե­րու հա­մար ու չեն պա­հան­ջեր լե­զուի ի­մա­ցու­թիւն:

Digital Pomegranate-ը կը գտնուի Կիւմ­րիի ճար­տա­րա­գի­տա­կան կեդ­րո­նին մէջ, որ կը հա­մա­կար­գէ Ձեռ­նար­կու­թիւն­նե­րու թխող հիմ­նադ­րա­մը:

Այ­բու­բեն, թի­ւեր, բա­ռեր, գոյ­ներ ու հէ­քեաթ­ներ սոր­վեց­նող խա­ղե­րէն բա­ցի ծնող­նե­րուն կը տրա­մադ­րուին նաեւ ներ­կե­լու գիր­քեր, քար­տէս­ներ ու այլ հա­ւա­քա­ծո­ներ:

Խա­ղը ներ­կա­յա­ցուած է 2015 թուա­կա­նի Հոկ­տեմ­բե­րին DigiTec Expo ցու­ցա­հան­դէ­սին, որ­մէ ետք յաղ­թած է Հա­յաս­տա­նի հա­մա­կարգ­չա­յին խա­ղե­րու բաց մրցոյ­թին՝ լա­ւա­գոյն խաղ եւ լա­ւա­գոյն ձե­ւա­ւո­րում ա­նուա­նա­կար­գե­րով:

Հի­մա Playland Armenia-ն հա­սա­նե­լի է անձ­նա­կան հա­մա­կար­գիչ­նե­րու, նաեւ iOS եւ Android-ով գրպանի հեռաձայններու վրայ:

Երեքշաբթի, Ապրիլ 19, 2016