ԱՐՑԱԽԻ ՍՐՏԻՆ ՎՐԱՅ
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ դէպի Արցախ։ Երէկ, ան մեկնեցաւ Ստեփանակերտ, ուր օդակայանին մէջ դիմաւորուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի Նախագահ Բակօ Սահակեանին կողմէ։ Ներկայ էին նաեւ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան, Լեռնային Ղարաբաղի Պաշտպանութեան նախարար Աշոտ Մնացականեան եւ այլ պաշտօնատարներ։ Երէկ երեկոյեան Սերժ Սարգսեան եւ Բակօ Սահակեան խորհրդակցութիւն մը ունեցան Արցախի Պաշտպանութեան բանակի բարձրագոյն սպայական կազմին հետ։ Քննարկուեցաւ բանակաշինութեան վերաբերեալ հարցերու լայն շրջանակ մը։
Պաշտօնական աղբիւրները տեղեկացուցին, թէ Սերժ Սարգսեան նշեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանունակութեան ամրապնդումը եւ բանակի մարտական պատրաստութեան մակարդակի շարունակական բարձրացումը այսուհետեւ եւս պիտի ըլլան պետութեան առջեւ ծառացած կարեւորագոյն խնդիրները։
Հարկ է նշել, որ հակառակ կրակի դադրեցման վերաբերեալ բանաւոր համաձայնութեան, Ատրպէյճանի զօրքերը կը շարունակեն կանոնաւոր թափով խախտել հրադադարը։ Լեռնային Ղարաբաղի Պաշտպանութեան բանակի աղբիւրները հաղորդեցին, թէ Ատրպէյճանի զօրքերը Հադրութի ուղղութեամբ կրակած են նռնականետերով։ Արցախի զօրքերը ըստ էութեան հաւատարիմ մնացած են կրակի դադրեցման վերաբերեալ բանաւոր պայմանաւորուածութեան։ Բաց աստի, Ատրպէյճան Հայաստանի հետ սահմանին վրայ եւս երէկ գիշեր խախտեց հրադադարը։ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրները հաղորդեցին, թէ սահմանի հիւսիս-արեւելեան հատուածին մէջ պատահած է հրադադարի տասնութ խախտում։ Հայկական զինեալ ուժերու յառաջապահ ստորաբաժանումները ցուցաբերած են զսպուածութիւն, պատասխան գործողութիւններու ձեռնարկած են միայն խիստ անհրաժեշտութեան պարագային ու վստահօրէն կը վերահսկեն սահմանային իրավիճակը։
Մինչ այդ, Սերժ Սարգսեանի բանբերը՝ Վլատիմիր Յակոբեան յայտարարեց, որ հայկական կողմը ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն հետ չէ քննարկած Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հարցով բարձր մակարդակի հանդիպման հնարաւորութիւնն ու ժամկէտները։ Վլատիմիր Յակոբեան «ՌԻԱ Նովոստի» գործակալութեան հետ զրուցելու ընթացքին յայտնեց, որ այս հանգրուանին բանակցային գործընթացի կողմերը եւ Մինսքեան խմբակի համանախագահները չեն քննարկած բարձր մակարդակով հանդիպման մը հնարաւորութիւնն ու ժամկէտները։
Վլատիմիր Յակոբեանի խօսքերով, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու, Ռուսաստանի եւ Ֆրանսայի նախագահները՝ որպէս ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրներու ղեկավարներ, բազմիցս յայտարարած են, թէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան բացառապէս խաղաղ կարգաւորումը այլընտրանք չունի եւ ուժի կամ ուժի սպառնալիքի բացառումը պէտք է ըլլայ հիմնախնդրի լուծման հիմնական սկզբունքներէն մին։ «Հայաստան, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղ մշտապէս արտայայտած են իրենց աջակցութիւնը համանախագահներու այդ դիրքորոշման ի նպաստ», ըսաւ Վլատիմիր Յակոբեան։
Ծանօթ է, որ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սէրկէյ Լաւրով երկու օր վերջ պիտի այցելէ Երեւան։ Մոսկուայի պաշտօնական աղբիւրները տեղեկացուցած են, թէ ռուս նախարարին շփումները նախատեսուած են Ապրիլի 21-22-ին։ Անդրադառնալով Լաւրովի մօտալուտ այցելութեան՝ Վլատիմիր Յակոբեան մատնանշեց, թէ սա լաւ առիթ մը պիտի հանդիսանայ՝ շարունակելու համար ներկայ ամսուան սկիզբին Լեռնային Ղարաբաղի դէմ Ատրպէյճանի սանձազերծած լայնածաւալ յարձակողական գործողութիւններուն, Ատրպէյճանի ռազմական յանցագործութիւններուն, խաղաղ բնակչութեան դէմ յանցագործութիւններու առընչութեամբ Ռուսաստանի դաշնակցութեան մօտեցումներուն վերաբերեալ քննարկումները։ Ըստ բանբերին, պիտի շօշափուին նաեւ բանակցային գործընթացի հեռանկարները։ Ան յիշեցուց, թէ այդ գործընթացին էութիւնը, անշուշտ, կը հանդիսանայ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի ինքնորշման իրաւունքի կենսագործումը։
ԼԱՒՐՈՎ-ԷՅՐՕ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Միւս կողմէ, այսօր տեղի կ՚ունենայ Սէրկէյ Լաւրովի եւ Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարար Ժան-Մարք Էյրոյի տեսակցութիւնը։ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան աղբիւրները տեղեկացուցին, թէ երկու նախարարներու քննարկումներուն ընթացքին օրակարգի վրայ կու գայ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի իրավիճակը։ Լաւրով եւ Էյրօ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տեղի ունեցած բռնութեան ալիքին առընչութեամբ կը քննարկեն հետագայ քայլերը, որոնց շուրջ պէտք է համաձայնութիւն մը գոյացնեն՝ որպէս ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրներ։