ԵԽԽՎ-Ի ՄՕՏ ԲՈՂՈՔՆԵՐ

Եւ­րո­խոր­հուր­դի խորհր­դա­րա­նա­կան վե­հա­ժո­ղո­վի (ԵԽԽՎ) ե­րէ­կուան նիս­տին ըն­թաց­քին օ­րա­կար­գի վրայ ե­կաւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախն­դի­րը։ ԵԽԽՎ-ի մօտ Հա­յաս­տա­նի պա­տուի­րա­կու­թեան ղե­կա­վար Հեր­մի­նէ Նաղ­դա­լեան եւ ան­դամ­նե­րէն Սա­մուէլ Ֆար­մա­նեան այս կա­պակ­ցու­թեամբ հան­դէս ե­կան ե­լոյթ­նե­րով։

«Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, Ֆար­մա­նեան շեշ­տեց, թէ Ատր­պէյ­ճան վեր­ջին օ­րե­րուն ռազ­մա­կան լայ­նա­ծա­ւալ բռնու­թեան ձեռ­նար­կեց Ար­ցա­խի ժո­ղո­վուր­դին դէմ՝ խախ­տե­լով բո­լոր մի­ջազ­գա­յին մար­դա­սի­րա­կան ի­րա­ւունք­նե­րը եւ տե­ղի տա­լով ռազ­մա­կան յան­ցա­գոր­ծու­թիւն­նե­րու։ Միեւ­նոյն ժա­մա­նակ Սա­մուէլ Ֆար­մա­նեան քննա­դա­տեց ԵԽԽՎ-ի նա­խա­գահ Փետ­րօ Ար­կա­մուն­տը, որ կ՚ա­ջակ­ցի Ատր­պէյ­ճա­նի գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն։ Ֆար­մա­նեա­նի խօս­քե­րով, Ար­կա­մուն­տի կող­մէ կա­տա­րուած  յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րը կը վկա­յեն, թէ ան ան­կողմ­նա­կալ չէ։ Ար­կա­մուն­տի յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րը կը հաս­տա­տեն, թէ ան ընդգր­կուած է Ատր­պէյ­ճա­նի լո­պիա­կան կա­ռոյց­նե­րուն մէջ։

Իր կար­գին, Հեր­մի­նէ Նաղ­դա­լեանն ալ յայտ­նեց, թէ ԵԽԽՎ-ի պա­տուի­րակ­նե­րը կը խու­սա­փին Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հար­ցին շուրջ քննար­կում­նե­րէ նստաշր­ջա­նին ըն­թաց­քին։ Ան միեւ­նոյն ժա­մա­նակ ընդգ­ծեց Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ քա­ղա­քա­ցիա­կան ան­ձե­րու սպան­նուի­լը եւ այս ի­րո­ղու­թիւ­նը խե­ղա­թիւ­րե­լու փոր­ձե­րը։ 

Երեքշաբթի, Ապրիլ 19, 2016