ՓԻԹԸՐ ՊԱԼԱՔԵԱՆ ՓՈՒԼԻՑԷՐԻ ԴԱՓՆԵԿԻՐ
Ամերիկահայ յայտնի գրող Փիթըր Պալաքեան նուաճեց Փուլիցէրի հեղինակաւոր մրցանակը։ Ան այս կարեւոր մրցանակաբաշխութեան դափնեկիրներու շարքին մաս կազմելու իրաւունք շահեցաւ բանաստեղծութեան անունակարգէն ներս։ Փիթըր Պալաքեան մրցանակի արժանացաւ «Ozone Journal» բանաստեղծութիւններու ժողովածոյին շնորհիւ։
Լոս Անճելըսի «Ասպարէզ» օրաթերթի հաղորդումներով, Փիթըր Պալաքեանին յաղթանակ ապահոված այս ժողովածոն կ՚ընդգրկէ շարք մը գործեր, որոնք կ՚ամփոփեն հեղինակին անցեալի մէջ ունեցած կորուստները, ինչպէս նաեւ ներկայ վտանգով, անորոշութեամբ լի ժամանակաշրջանի հիմքին գտնուող ողբերգութիւններու ցաւը։ Այս բացատրութիւնը կը պատկանի Փուլիցէրեան մրցանակի կառավարիչ Մարք Փրայտին։
Հարկ է նշել, որ Փիթըր Պալաքեանի մրցանակի արժանացած ժողովածոյին մէջ շօշափուած են նաեւ 1915-ը, ինչպէս նաեւ՝ արդի աշխարհին վերաբերեալ շարք մը կլոպալ խնդիրներ։
Մրցանակաբաշխութիւնը տեղի պիտի ունենայ Նիւ Եորքի մէջ, Քոլոմպիայի համալսարանէն ներս։ Արարողութիւնը պիտի տեսասփռուի ուղիղ եթերով։
Յատկանշական է, որ այս տարի Փուլիցէրի մրցանակաբաշխութեան հաստատման 100-ամեակն է եւ Փիթըր Պալաքեան այս մրցանակը նուաճած է սոյն յոբելենական հանգրուանին։
Փիթըր Պալաքեանի մրցանակի արժանացած գիրքը հրատարակուած է Շիքակոյի համալսարանին կողմէ։
Հարկ է նշել, որ նախապէս ալ բազում կարեւոր մրցանակներու արժանացած Փիթըր Պալաքեան միեւնոյն ժամանակ կը դասախօսէ Քոլկէյթի համալսարանին մէջ։