ՔԻԼԻՍ ԵՆԹԱՐԿՈՒԵՑԱՒ ՀՐԹԻՌԱԿՈԾՄԱՆ
Կազիանթէպի Քիլիս գաւառակը երէկ ենթարկուեցաւ Սուրիոյ տարածքէն կատարուած ռմբակոծութեան։ «Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» (ԻՇԻՊ) ահաբեկչական խմբաւորման կողմէ վերահսկուած տարածքէն արձակուեցան չորս Քաթյուշա հրթիռներ։ ԻՇԻՊ-ի կողմէ վերահսկուած Պափ շրջանէն ժամը 14.38-16.40-ին արձակուեցան հրթիռները, որոնցմէ մին զուգադիպեցաւ քաղաքի կեդրոնը, իսկ մնացեալ երեքը ինկան բաց տարածք։
Այս հրթիռներուն հետեւանքով մահացան չորս սուրիացիներ, որոնցմէ երեքը երախաներ են։ Եօթ հոգի ալ վիրաւորուեցան, մին երախայ։
Թուրքիա ամենայն խստութեամբ փոխադարձեց ԻՇԻՊ-ի այս արարքին։ Սահմանամերձ գօտիներէն թնդանօթներով ծանր հարուածներ հասցուեցան հրթիռներու արձակուած շրջաններուն։