«ԿԱՐԵՒՈՐԸ ՄՐՑՈՒՄԸ ՅԱՂԹԱԿԱՆ ԱՒԱՐՏԵԼՆ Է»

16 Ապ­րի­լի հան­րա­քուէի ար­դիւնք­նե­րը կը շա­րու­նա­կեն բնո­րո­շել Թուր­քիոյ օ­րա­կար­գը։ Տե­ղա­կան մա­մու­լի հա­ղոր­դում­նե­րով, Բարձ­րա­գոյն ընտ­րա­կան խոր­հուր­դին մօտ կը կա­տա­րուին բազ­մա­թիւ բո­ղոք-դի­մում­ներ։ Գլխա­ւոր ընդ­դի­մա­դիր ՃՀՓ-ն ալ ե­րէկ Բարձ­րա­գոյն ընտ­րա­կան խոր­հուր­դին մօտ դի­մում ներ­կա­յա­ցուց՝ հան­րա­քուէի ջնջման պա­հան­ջով։ ՃՀՓ­-ի կու­սակ­ցա­պետ Քե­մալ Քը­լըչ­տա­րօղ­լու ե­րէկ յայտ­նեց, որ բո­լոր ա­նօ­րի­նա­կա­նու­թիւն­նե­րուն հա­շի­ւը պի­տի պա­հան­ջեն ու կանգ պի­տի չառ­նեն մին­չեւ ար­դա­րու­թեան վե­րա­հաս­տա­տուի­լը։ Իր խօս­քե­րով, յար­գանք պէտք է ցու­ցա­բե­րել ժո­ղո­վուր­դի կամ­քին նկատ­մամբ եւ հան­րա­քուէն պէտք է կրկնուի։ Քը­լըչ­տա­րօղ­լու յայտ­նեց, որ ի­րենք չեն ճանչ­նար հան­րա­քուէին ար­դիւն­քը։

Իր կար­գին, Վար­չա­պետ Պի­նա­լի Եըլ­տը­րըմն ալ ե­րէկ յայտ­նեց, որ շշուկ­ներ տա­րա­ծե­լով ընդ­դի­մու­թիւ­նը կը փոր­ձէ ստուեր ա­ծել հան­րա­քուէի ար­դիւն­քին վրայ, սա­կայն այդ բո­լո­րը պի­տի մնան ի դե­րեւ։ ԱՔ կու­սակ­ցու­թեան խորհր­դա­րա­նա­կան ժո­ղո­վին ըն­թաց­քին Պի­նա­լի Եըլ­տը­րըմ նշեց, որ հան­րա­քուէի հար­ցը վեր­ջա­ցած է։ Հի­մա եղ­բայ­րու­թիւ­նը վե­րա­կանգ­նե­լու օրն է։ Եըլ­տը­րը­մի խօս­քե­րով, հան­րա­քուէի ար­դիւն­քին չկայ պար­տուող մը, շա­հո­ղը ժո­ղո­վուրդն է ու ներ­կա­յիս բո­լո­րին հա­մար ինք­նա­նո­րոգ­ման գոր­ծըն­թաց մը կը սկսի։

Միւս կող­մէ, Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղանն ալ հար­ցազ­րոյց մը տուաւ CNN International հե­ռուս­տա­կա­յա­նին։ Ան ը­սաւ, որ ինք կը հե­տաքրք­րուի ֆութ­պո­լով ու ո­րե­ւէ կա­րե­ւո­րու­թիւն չու­նի մրցու­մի մը մէջ յաղ­թե­լը 1-0 կամ 5-0 ար­դիւն­քով։ «Կա­րե­ւո­րը մրցու­մէն յաղ­թա­կան դուրս գալն է», ը­սաւ Էր­տո­ղան։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 19, 2017