ԹՈՒՆՃԵԼԻԻ ՄԷՋ ՈՂԲԵՐԳԱԿԱՆ ԱՐԿԱԾ. 12 ՆԱՀԱՏԱԿ
Երէկ բովանդակ Թուրքիա մեծ ցաւ ապրեցաւ Թունճելիէն հասած լուրերով։ Հանրային պաշտօնեաներ փոխադրող ոստիկանական ուղղաթիռ մը անկում ունեցաւ՝ անբարենպաստ եղանակի հետեւանքով։ Լեռնային հատուածէ մը ներս պատահեցաւ արկածը, որու հետեւանքով տասներկու հոգի նահատակուեցաւ։ «Սիքորսքի Ս-70» տիպի ուղղաթիռին մէջ կը գտնուէր դատաւոր մը, ենթասպայ մը, եօթ ոստիկան եւ անձնակազմն ալ կը բաղկանար երեք հոգիէ։ Փիւլմիւրէն թռիչք առնելէ 8 վայրկեան վերջ ուղղաթիռին հետ կապը խզուեցաւ։
Ներքին գործոց նախարար Սիւլէյման Սոյլու արկածին կապակցութեամբ յայտնեց, որ արտաքին որեւէ գործօն խնդրոյ առարկայ չէ եւ անբարենպաստ եղանակը պատճառ դարձած է ուղղաթիռի անկման։