ԳՈՐԾՆԱԿԱՆ ՎԻՃԱԿ

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի բանբերը՝ Իպրահիմ Քալըն յայտարարեց, որ Թուրքիա-Սուրիա սահմանին վրայ գործնականօրէն ստեղծուած է անվտանգ գօտի մը՝ մինչեւ Մենպիչի հատուածը։ Քալըն ընդգծեց նաեւ, որ թրքական կողմը որեւէ շփում չունի Սուրիոյ վարչախումբին հետ։

«Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Իպրահիմ Քալըն Պեշթեփէի համալիրէն ներս երէկ հանդէս եկաւ յայտարարութիւններով, որոնց ընթացքին ընդգծեց, որ Մենպիչի եւ Եփրատի արեւելքի պարագային բանակցութիւնները կը շարունակուին Անգարայի եւ Ուաշինկթընի միջեւ։ Այնտեղ թրքական եւ ամերիկեան զօրքերու համատեղ հերթապահութիւնը կը շարունակուի։ «Մեր ակնկալութիւնն է, որ Մենպիչի վերաբերեալ ճանապարհային քարտէսը ժամ առաջ կեանքի կոչուի եւ Եփրատի արեւելքին որեւէ ահաբեկչական տարրի գոյութեան թոյլ չտրուի», ըսաւ Իպրահիմ Քալըն, որ վերջերս Ուաշինկթըն այցելեց՝ Գանձի ու ելմտական նախարար Պերաթ Ալպայրաքի եւ Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքարի հետ։ Քալըն ընդգծեց, որ Ուաշինկթընի շփումներուն ընթացքին իրենց երկխօսներուն հետ մանրամասնօրէն քննարկած են Սուրիոյ վերաբերեալ խնդիրները։ Նախարար Պերաթ Ալպայրաքն ալ նոյն հարցերը շօշափած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ։

Իպրահիմ Քալըն ընդգծեց, որ գերադասելով Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութիւնը՝ Թուրքիա մասնակցութիւն կը բերէ թէ՛ Աստանայի եւ թէ Ժընեւի գործընթացներուն։ Բանբերը ուշադրութիւն հրաւիրեց, որ Թուրքիա այս երկու գործընթացներուն նոյնաժամանակ մասնակից գրեթէ միակ երկիրն է։ «Հետեւաբար թէ՛ Աստանայի գործընթացին բերումով Ռուսաստանի եւ Իրանի եւ թէ Ժընեւի գործընթացին բերումով միջազգային հաւաքականութեան միւս դերակատարներուն հետ կը ծաւալենք խտացեալ աշխատանք ու պիտի շարունակենք ծաւալել», ըսաւ ան։

Իպրահիմ Քալըն աւելցուց, որ Սուրիոյ, Իրաքի մէջ եւ կամ աշխարհի որեւէ մէկ անկիւնը եթէ Թուրքիոյ դէմ սպառնալիքներ յառաջանան, ապա ամէն տեսակ նախազգուշական միջոց ձեռք պիտի առնուի վճռակամօրէն։ Բաց աստի, Իպրահիմ Քալըն մատնանշեց, որ Սուրիոյ տագնապի պարագային Թուրքիոյ առաջնահերթութիւններէն մին է Իտլիպի ներկայ կարգավիճակի պահպանուիլը եւ անոր մշտական վիճակ մը ստանալը։ Այս նպատակը մեծաւ մասամբ ապահովուած է։ «Նոյն ձեւով Աֆրին-Ճերապլուս ուղղութեան վրայ ընդհանուր առմամբ հանդարտ վիճակ մը կը տիրէ, կայունութիւն հաստատուած է։ Իրականութեան մէջ այս երեւոյթը Թուրքիոյ կողմէ արձանագ-րըւած յաջողութիւն մըն է, որով ցոյց կը տրուի, թէ Սուրիայէ ներս ինչպէս պէտք է ստեղծուի անվտանգ գօտի մը», ըսաւ Իպրահիմ Քալըն եւ ընդգծեց, որ արդէն գործնականօրէն ստեղծուած է այդ անվտանգ գօտին։

Ուրբաթ, Ապրիլ 19, 2019