ԱՐԴԻԱԿԱՆԱՑՄԱՆ ՀԱՒԱՆՈՒԹԻՒՆ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարութիւնը հաւանութիւն տուաւ՝ Թուրքիոյ ռազմաօդային զօրքերու «Ֆ-16» ռազմաօդանաւերուն համար պահանջուած արդիականացման քիթերու մասնակի վաճառքին համար։ Պաշտպանական անվտանգութեան համագործակցութեան գործակալութեան կողմէ ԱՄՆ-ի Քոնկրէսին յղուած պաշտօնական տեղեկագրին մէջ նշուեցաւ, որ այս նախագիծը կ՚արժէ 256 միլիոն տոլար։ Ռազմաօդանաւերու արդիականացման քիթերու Թուրքիոյ վաճառքին համար նոյն փաստաթուղթին մէջ նշուեցան հիմնաւորումներ։ Այսպէս, Թուրքիոյ կողմէ առկայ եւ ապագայ սպառնալիքներու դիմագրաւման ընդունակութեան բարձրացման եւ երկրէն ներս տեղակայուած ԱՄՆ-ի ռազմական անձնակազմի պաշտպանութեան նպաստելու համար տրուած է այս հաւանութիւնը։ Վաճառքը ի կատար ածելու համար անհրաժեշտ է Քոնկրէսի պաշտօնական վաւերացումը։

Միւս կողմէ, Ուաշինկթընի կողմէ Անգարայի պարագային առնուած այս որոշումը արձագանգ ստեղծած է նաեւ Աթէնքի մէջ։ Յունաստանի լրատուամիջոցները լայն մանրամասնութիւններ հաղորդեցին այս նիւթին կապակցութեամբ։ Յունական CNN-ն ալ հաղորդեց, որ առանձնապէս մտահոգուելու պարագայ մը խնդրոյ առարկայ չէ։ Ուաշինկթընի դիրքորոշման մէջ որեւէ փոփոխութիւն չկայ։ Յամենայնդէպս, ԱՄՆ տարիներ վերջ Թուրքիոյ պարագային հաւանութիւն տուած է զինման համար, ինչ որ Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի տեսակէտէ դրական պատգամ մը կը համարուի։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 19, 2023