ՀԵՐԹԱԿԱՆ ՄՐՑԱՆԱԿ

«Yolcu» թատերախումբին եւ Պէյօղլուի Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ համատեղ ջանքերով բեմադրուած «Կոմիտաս» ներկայացումներու շարքը կը շարունակէ գեղարուեստական աշխարհէ ներս բարձր գնահատանքի արժանի դառնալ։ Կը տեղեկանանք, որ «Կոմիտաս»ը արժանացած է հերթական մրցանակի։ Այսպէս, թատերական քննադատ, լրագրող-հրապարակագիր ողբացեալ Իւսթիւն Աքմենի յիշատակին հաստատուած նոյնանուն մրցանակի դափնեկիրներու շարքին դասուած է այս ներկայացումը։ Այսպէս, «Կոմիտաս»ը այս մրցանակի շրջանակին մէջ հռչակուած է՝ տարուան խաղը։

Կը հաղորդուի, որ Շայլան Աքմենի կողմէ գլխաւորուած դատակազմին մաս կազմած են՝ Անթա Թորոս, Այշէն Ինճի, Կիւլչին Իւսթիւնթաշ, Իսհաք Պեհար, Ներիման Ույսալ, Փնար Չեքիրկէ, Սունա Քեսքին, Շէնայ Թանրըվերմիշ եւ Մելիքէ Պիրկէօլկէ։

«Իւսթիւն Աքմեն» թատերական մրցանակաբաշխութիւնը ընդհատուած էր համավարակի հետեւանքով։ Ուստի, 2019-2022 թուականներու ընդհանուր արժեւորումով սահմանուած են՝ ընդհատումէն վերջ տրուած այս մրցանակները։ Այսպէսով, «Կոմիտաս» ներկայացումներու շարքը հերթական մրցաշարքին արժանի դասուած է։

Մրցանակաբաշխման արարողութիւնը նախատեսուած է յառաջիկայ մայիսի 3-ին, Ֆուլիայի «Սիւլէյման Սեպա» մշակոյթի կեդրոնի համալիրէն ներս։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 19, 2023