«ԶՈՒԱՐԹՆՈՑ» ՕԴԱԿԱՅԱՆԸ ՊԻՏԻ ԿՈՉՈՒԻ ԱԶՆԱՒՈՒՐԻ ԱՆՈՒՆՈՎ

Հայաստանի մէջ ներկայիս օրակարգի վրայ կը գտնուի Երեւանի «Զուարթնոց» օդակայանը ֆրանսահայ աշխարհահռչակ երգիչ հոգելոյս Շարլ Ազնաւուրի անունով կոչելու առաջարկը։ Ինչպէս ծանօթ է, Շարլ Ազնաւուր Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային հերոսներէն էր։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, օդակայանի վերանուանման առաջարկը յղացուած է Շարլ Ազնաւուրի ի յիշատակ ստեղծուած համանուն հիմնարկին եւ անոր որդւոյն՝ Նիքոլա Ազնաւուրի կողմէ։ Այդ առաջարկը ներկայացուած է Հայաստանի կառավարութեան նկատառման։ Կառավարութիւնը այս կապակցութեամբ իր դիրքորոշումը յստակեցնելու համար նիւթը ուղարկած է Հանրային խորհուրդի քննարկման։ Համաճարակի պայմաններուն ներքեւ Հանրային խորհուրդը հեռավար դրութեամբ կը ծաւալէ քննարկումներ եւ կու տայ իր եզրակացութիւնը։ Մինչ այդ, ընկերային ցանցերու միջոցաւ ալ այս նիւթին շուրջ կը շօշափուի հասարակութեան տրամադրութիւնը։

Երեքշաբթի, Մայիս 19, 2020