ՔՈՉԱՐԵԱՆԻ ՓԱՍՏԱԲԱՆՆԵՐԸ ՎԵՐԱՔՆՆԻՉ ԲՈՂՈՔ ՊԻՏԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԵՆ

Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի փաստաբանները կը պատրաստուին վերաքննիչ բողոք ներկայացնել՝ Երեւանի Ընդհանուր իրաւասութեան ատեանի դատավճռին դէմ։ Ինչպէս ծանօթ է, Ռոպերթ Քոչարեան երկար ժամանակէ ի վեր կը գտնուի բանտի մէջ։ 1 մարտ 2008 թուականին Երեւանի մէջ պատահած արիւնալի դէպքերու բերումով կը դատուի ան եւ իրեն դէմ հասցէագրուած մեղադրանքներուն զուգահեռ՝ դատական իշխանութիւնները որպէս խափանման միջոց ընտրած են կալանքը։ Երկար ժամանակէ ի վեր Ռոպերթ Քոչարեան վատառողջ է։ Բանտարկութեան տակ գտնուած շրջանին ան քանի մը անգամներ հիւանդանոց փոխադրուած է, իսկ վերջերս՝ վիրահատուած։ Հաւանական է, որ յառաջիկայ շրջանին ան նոր վիրահատութեան մը ենթարկուի։ Ընթացիկ առողջական վիճակի խնդիրները Ռոպերթ Քոչարեանը ա՛լ աւելի խոցելի կը դարձնեն քորոնաժահրի համաճարակի մթնոլորտին մէջ։ Այս բոլորի լոյսին տակ Քոչարեանի փաստաբանները պահանջած էին, որպէսզի իր խափանման միջոցը փոխուի եւ ան դուրս գայ բանտէն։ Այս պահանջի քննարկման համար երկար ատեն դատական նիստ տեղի չէր ունեցած եւ ի վերջոյ Երեւանի Ընդհանուր իրաւասութեան ատեանը մերժած էր Քոչարեանի փաստաբաններու այդ պահանջը։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այժմ Քոչարեանի փաստաբանները կը պատրաստուին վերաքննիչ բողոք ներկայացնել այս դատավճռին դէմ։ Անոնք համաձայն չեն դատավճռի հիմքերուն հետ եւ յառաջիկային սահմանուած կարգով պիտի դիմեն Վերաքննիչ քրէական դատարան։

Երեքշաբթի, Մայիս 19, 2020