ԱԶԴԵՑԻԿ ՈՒԺ

Բոլորս շատ լաւ կը յիշենք Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան (ԱԱԾ) նախկին տնօրէն Արթուր Վանեցեանի (ի դէպ Արթուր Վանեցեան Փաշինեանի իշխանութեան այս տարիներուն եղաւ ԱԱԾ-ի տնօրէնի պաշտօնը ամենարեկար պահած պաշտօնեան) անսպասելի հրաժարականը՝ 2019 թուականին։ Այդ օրերուն Վանեցեանի ստորագրած հրաժարականը կ՚աւարտէր «Պատիւ ունիմ» խորհրդանշական խօսքով։ Այսօր նոյն Վանեցեանը, որ հրաժարականէն քիչ անց հիմնած էր «Հայրենիք» կուսակցութիւնը, դաշինք կազմած է Հայաստանը շուրջ տասն տարի իր ձեռքերուն մէջ պահած Հանրապետական կուսակցութեան հետ։ Այսպէսով ստեղծուած է յառաջիկային խորհրդարան մուտք գործելու յայտ ներկայացուցած երկրորդ գլխաւոր դաշինքը։ Ներկայիս յառաջիկայ արտահերթ ընտրութեան մասնակցելիք ուժերը արդէն իսկ լծուած են նախընտրական կարեւոր գործունէութեան։ Անոնց շարքին է «Հայաստան» դաշինքը՝ երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի գլխաւորութեամբ, Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան եւ «Վերածնուող Հայաստան» կուսակցութեան մասնակցութեամբ։  Կայ նաեւ առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի գլխաւորած Հայ ազգային քոնկրէսը։ Ի հարկէ, պատկերը տակաւին ամբողջական չէ, որովհետեւ իշխանութեան գլուխ գտնուող «Իմ քայլը» եւ խորհրդարանական ընդդիմութենէն «Բարգաւաճ Հայաստան» եւ «Լուսաւոր Հայաստան» կուսակցութիւնները տակաւին չեն յստակեցուցած՝ մօտաւոր ապագային վերաբերեալ իրենց քայլերը։  Եթէ իրադարձութիւնները այս հունին մէջ մնան, ապա սպասելի է, որ յառաջիկայ կարճ միջոցին ամբողջապէս ուրուագծուի ընդհանուր պատկերը եւ ընթացք առնեն նախընտրական բուռն արշաւները։

Վերադառնալով «Պատիւ ունիմ» դաշինքին՝ ապա հարկ է նշել, որ նախկին նախագահ Սերժ Սարգսեան ներկայ եղաւ անցեալ շաբաթավերջին տեղի ունեցած անոր հռչակման համար կազմակերպուած պաշտօնական արարողութեան. բան մը, որ, ըստ շարք մը վերլուծաբաններու, աւելիով կը խթանէ այս դաշինքի ներկայացուցչական ուժը։

Կարեւոր է նաեւ, որ ի տարբերութիւն միւս երկու նախկին նախագահներուն, Սերժ Սարգսեան անձամբ պիտի չներգրաւուի ընտրութիւններուն եւ պիտի ունենայ առանձնակիօրէն ճանապարհ եւ ուղղութիւն տուողի հիմնարար դերը։ Այս առումով ուշագրաւ է վերլուծաբան Արմէն Պատալեանի կարծիքը, ըստ որու, Սերժ Սարգսեանի որոշումը՝ անձնապէս թեկնածու չըլլալու որոշումը դրական քայլ մըն է, այսպէսով «Պատիւ ունիմ» դաշինքը կը ստանայ այլ պատկեր մը։

Յստակ է նաեւ, որ Վանեցեան ամէն գնով նոր անուններ ու նոր դէմքեր ներգրաւել պիտի փորձէ ցուցակին՝ թիրախաւորելով այն  զանգուածները, որոնք անցեալին զանազան պատճառներով ոչ միայն «վշտացած» էին Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան (ՀՀԿ), այլ նաեւ հակակրանք ունէին այս ուժին դէմ, որ մինչեւ 2018 թուականը իշխանութեան գլուխ գտնուած էր։ Չի բացառուիր նաեւ, որ ՀՀԿ-ն ալ նոյն ձեւով վարուի եւ փորձէ իր «հին» դէմքերէն հրաժարիլ եւ ընտրողներուն ներկայանալ բոլորովին նոր եւ նուազ ծանօթ դէմքերով։

Այս բոլորի լոյսին տակ եւ Հայաստանի բաւական տրամաթիք իրադարձութիւններէն ետք, երեւելի պիտի դառնայ, որ ընտրողներու կարեւոր մէկ հատուածը քուէ պիտի չտայ այժմու իշխանութիւններուն եւ այդ վիճակէն պիտի օգտուին բոլոր այն ուժերը, որոնց համար կայ մէկ գերխնդիր. ի՛նչ ընել եւ ինչպէ՛ս ընել ձերբազատուելու համար Նիկոլ Փաշինեանէն եւ իր «ստեղծած» վարչախումբէն։

Ներկայ խմորումներուն մէջ «Պատիւ ունիմ»ը նախ եւ առաջ հանրութեան պիտի ներկայանայ՝ որպէս ազգայնական ուժ, որու հիմնական առաջադրանքը պիտի ըլլայ բարձր մակարդակի հասցնել հայ-ռուսական գործակցութիւնը։ Արթուր Վանեցեան ձեւով մը կրողն է Ռուսաստանի քաղաքական դպրոցին եւ իր փորձառութիւնով ու տարած աշխատանքով կը համարուի անոր տեսակէտէ վստահելի։

Ի հարկէ, այս բոլորը աւելիով պիտի յստականայ յառաջիկայ փուլին, երբ ընտրութիւններու «փոշին» նստի ու արդիւնքներու հրապարակումէն վերջ բոլոր ներկայացուցիչները դառնան իրենց դիրքերը ու կերպով մըն ալ բիւրեղանայ նոր խորհրդարանի մեծ պատկերը։

Տարակարծութիւնները, խմորումները եւ ուժի կամ ներկայացուցչութեան հանգամանքները կը կարօտին կարճ ժամանակի։ Աւարտին Հայաստանի քաղաքացիին համար պիտի ստեղծուի նոր իրավիճակ մը, որու մէջ, սակայն, մեծ հաշուով յաղթանակ կերտած կողմեր պիտի չըլլան, որովհետեւ ներկայացուած ուժերը բազմազան են ու բազմագոյն։ Այլ խօսք, որ յաջորդ փուլին այսօր՝ որպէս ընդդիմութիւն ներկայացող քաղաքական ուժերը իրադրութեան պիտի մօտենան բոլորովին այլ տեսաչափով՝ մաքրելով, հարթելով եւ շտկելով դէպի կեդրոնական իշխանութիւն տանող հիմնական ճանապարհը եւ պսակելով գլխաւոր առաջնորդի դեր ստանձնելիք գործիչին անունը։ Այս բոլորը սարերու ետին չեն, ընդամէնը ամիս մը եւ ամէն բան պարզ պիտի դառնայ։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Մայիս 19, 2021