ՈՂՋԱՄԻՏ ԺԱՄԿԷՏՆԵՐ

Ատրպէյճանի զօրքերու Հայաստանի տարածք ներթափանցումով ծնունդ առած տագնապը կը շարունակէ զբաղեցնել օրակարգը։ Երեւան-Պաքու առանցքին վրայ դիմագրաւուած հերթական լարուածութեան մթնոլորտին մէջ Մոսկուա կը ջանայ միջանկեալ լուծում մը ճարել՝ մինչ Արեւմուտքի յառաջատար դերակատարները ակնյայտօրէն յստակ տեսակէտներ կը բարձրաձայնեն, որպէսզի Ատրպէյճանի զօրքերը դուրս գան Հայաստանի տարածքէն։ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով այս առաւօտ յայտարարեց, որ իր երկիրը օգնութիւն կ՚առաջարկէ երկու կողմերուն՝ սահմաններու գծման հարցին շուրջ։ Ռուսական կողմը այս նպատակով կ՚առաջարկէ համատեղ յանձնաժողովի մը ստեղծումը եւ այս նախաձեռնութեան խորհրդականի կարգավիճակով կրնայ մասնակցիլ, եթէ պահանջուի իր միջնորդութիւնը։ Լաւրով սոյն յայտարարութիւնը այս առաւօտ ըրաւ Տուշանպէի մէջ, ուր տեղի կ՚ունենայ ՀԱՊԿ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն ժողովը։

Միւս կողմէ, Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը շարունակէ իրերայաջորդ յայտարարութիւններով հանդէս գալ առկայ տագնապալի մթնոլորտին մէջ։ Երէկ եւ այս առաւօտեան հայկական կողմի պաշտօնական յայտարարութիւններուն մէջ շեշտուեցաւ, որ սահմանի իրադրութեան գծով էական փոփոխութիւն մը չկայ։

Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը երէկ երեկոյեան ժամերուն տեղեկացուց, որ սահմանի իրադրութեան մէջ փոփոխութիւն չէ եղած, վիճակը համեմատաբար հանգիստ է։ Երէկ երեկոյեան կատարուած յայտարարութեան մէջ յիշեցուեցաւ, որ Հայաստան կը կարեւորէ խնդրի խաղաղ կարգաւորման անհրաժեշտութիւնը եւ բարձր կը գնահատէ այս ուղղութեամբ զանազան երկիրներու եւ միջազգային կառոյցներու կողմէ ներդրուած ջանքերը, հաշուի առնելով անոնց հնչեցուցած՝ խաղաղ հանգուցալուծման կոչերը։ Ընդգծուեցաւ, որ այս հարցին շուրջ մայիսի 14-ին սկսած բանակցութիւնները տակաւին ընթացքի մէջ են։ «Այդուհանդերձ, ողջամիտ ժամկէտներու մէջ խաղաղ կարգաւորման բացակայութեան, այն է Ատրպէյճանի զինուորականներու առանց նախապայմաններու իրենց ելման դիրքերը չվերադառնալու պարագային, Հայաստանի Հանրապետութեան զինեալ ուժերը իրաւունք կը վերապահեն իրենք իրենց խնդիրը լուծել այլ, ներառեալ ուժային տարբերակով։ Անգամ մը եւս կը յայտարարենք, որ Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքներու դէմ որեւէ ոտնձգութիւն բացարձակ անընդունելի է եւ Ատրպէյճանի զինուորականները պարտաւոր են լքել Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքը», նշուեցաւ երէկ հրապարակուած պաշտօնական յայտարարութեան մէջ։

Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը այս առաւօտ ալ տեղեկացուց, որ 12-13 մայիսին Ատրպէյճանի զինեալ ուժերուն կողմէ Սիւնիքի եւ Գեղարքունիքի մարզերու սահմանային որոշ հատուածներէն ներս իրականացուած սադրանքներէն յետոյ ստեղծուած իրադրութիւնը էական փոփոխութիւն չէ կրած։

«Սադրանքի իրականացուած բոլոր ուղղութիւններուն թէ՛ տարածքները, թէ՛ ատրպէյճանցի զինուորականները եւ թէ անոնց ապահովման հաւանական ուղիները կը շարունակեն գտնուիլ հայկական ուժերու լիարժէք վերահսկողութեան տակ։ Աւելի՛ն՝ նախորդ երկու օրերուն Հայաստանի Հանրապետութեան զինեալ ուժերու յաւելեալ ստորաբաժանումներ բացազատուած են տեղանքին մէջ, ի սպառ զրկելով ատրպէյճանցիները նոյնիսկ տեսականօրէն որեւէ գործողութիւն իրականացնելու հնարաւորութենէն, որպէս իրադրութիւն՝ իրենց համար խելամիտ լուծում թողլով բացառապէս վերադարձը ելման դիրքեր։ Այնուհանդերձ, խնդրի խաղաղ կարգաւորման շուրջ բանակցութիւնները տակաւին ընթացքի մէջ են։ Հայաստանի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան նախարարութիւնը լիայոյս է, թէ անոնք կու տան ցանկալի արդիւնք եւ ստեղծուած իրադրութիւնը կը հանգուցալուծուի խաղաղ ճանապարհով։ Միեւնոյն ժամանակ, ինչպէս արդէն յայտարարուած է, ողջամիտ ժամկէտներու մէջ լուծման բացակայութեան պարագային Հայաստանի Հանրապետութեան զինեալ ուժերը իրաւունք կը վերապահեն իրենք իրենց խնդիրը կարգաւորել այլ՝ ներառեալ ուժային տարբերակով», նշուեցաւ այս առաւօտեան պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ։   

Չորեքշաբթի, Մայիս 19, 2021