ՊԼԻՆՔԸՆ ԵՒ ԼԱՒՐՈՎ ԱՅՍՕՐ ԺԱՄԱԴՐՈՒԱԾ ԻԶԼԱՆՏԱՅԻ ՄԷՋ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն եւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով այսօր ժամադրուած են Ռէյքաւիքի մէջ։ Երբ Ուաշինկթըն-Մոսկուա առանցքին վրայ զգալի լարուածութիւն յառաջացած է, նախարարներու մակարդակով այս տեսակցութեան կը սպասուի ուշադրութեամբ։ ԱՄՆ-ի այժմու վարչախումբի իշխանութեան գլուխ գալէն ի վեր սա կողմերու միջեւ ամենաբարձր մակարդակի հանդիպումը պիտի հանդիսանայ։ Մինչ այդ, օրակարգի վրայ է նաեւ ԱՄՆ-ի նախագահ Ճօ Պայտընի եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հաւանական հանդիպումը։ Պլինքընի եւ Լաւրովի տեսակցութիւնը նաեւ այդ հաւանական գագաթաժողովին համար նախապատրաստական նշանակութիւն պիտի ունենայ։

Թէ՛ ամերիկեան եւ թէ ռուսական կողմերը երկար ժամանակէ ի վեր մտադրութիւն կ՚արտայայտեն իրենց յարաբերութիւնները կայունացնելու ուղղութեամբ, սակայն խոր տարակարծութիւններու մթնոլորտին մէջ կարելի չ՚ըլլար լարուածութիւնը թուլացնել անոնց միջեւ։

Էնթընի Պլինքըն եւ Սերկէյ Լաւրով Իզլանտայի մէջ կը գտնուին «Արքթիքական խորհուրդի» հաւաքին բերումով։

Պայտըն պաշտօնի կոչուելէ վերջ բաւական ծանր յայտարարութիւններ ըրած էր Փութինի դէմ, իսկ այս վերջինը անոր առաջարկած էր տեսակցիլ՝ յարաբերաբար աւելի պաղարիւն գտնուելով։  

Չորեքշաբթի, Մայիս 19, 2021