«ԱՄՆ ԿԸ ՃԱՆՉՆԱՅ ԱՐՑԱԽԻ ԲՆԱԿՉՈՒԹԵԱՆ ԴԵՐԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆԸ՝ ՍԵՓԱԿԱՆ ԱՊԱԳԱՆ ՈՐՈՇԵԼՈՒ ՀԱՐՑԻՆ ՄԷՋ»
Երեւանի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լին Թրէյսի յայտարարեց, որ իր երկիրը կը ճանչնայ Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան դերակատարութիւնը՝ սեփական ապագան որոշելու հարցին մէջ։ «ԱՄՆ համոզուած է, թէ Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանի խաղաղ, ժողովրդավարական եւ բարեկեցիկ ապագային համար առանցքային է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան հետ կապուած կամ անկէ բխած բոլոր չկարգաւորուած հարցերու բանակցային, համապարփակ եւ կայուն լուծումը», ըսաւ Լին Թրէյսի՝ «Արմէնփրէս» գործակալութեան տուած բացառիկ հարցազրոյցին մէջ։ «Անշուշտ, ԱՄՆ-ի դիրքորոշումն է, որ Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի հարցը տակաւին կը մնայ չլուծուած», վերահաստատեց Թրէյսի եւ ընդգծեց, որ հակամարտութիւնը ռազմական լուծում չունի։
Ըստ իրեն, Ուաշինկթըն կը խրախուսէ խաղաղ բանակցութիւններու շարունակումը Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ։ Ամերիկեան կողմը պատրաստ է ներգրաւուելու երկկողմանի ձեւաչափով կամ համախոհ երկիրներու հետ, ներառեալ՝ որպէս ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ։
«Արմէնփրէս»ին տուած հարցազրոյցին մէջ Թրէյսի խօսեցաւ նաեւ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման հարցին շուրջ։ Այս առթիւ ան ըսաւ. «ԱՄՆ կը սատարէ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ երկխօսութեան, որ կրնայ ապահովել այս երկու հարեւան պետութիւններու յարաբերութիւններու կարգաւորումը. արդիւնք մը, որ կարեւոր է այս երկու երկիրներու ապագայի եւ Կովկասէ ներս կայունութեան համար։ ԱՄՆ-ի դիրքորոշումը միշտ եղած է ու կը մնայ, որ յարաբերութիւններու կարգաւորումը պէտք է տեղի ունենայ առանց նախապայմաններու եւ առանց այլ հարցերու՝ ներառեալ Լեռնային Ղարաբաղի բանակցութիւններու հետ կապելու»։