ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ԺՈՂՈՎԸ ՏԵՂԻ ՉՈՒՆԵՑԱՒ
Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման ու սահմանագծման վերաբերեալ հանդիպումը ներկայ շաբթուայ առաջին երկու օրերուն նախատեսուած էր Մոսկուայի մէջ, սակայն տեղի չունեցաւ։ Երէկ, այս կապակցութեամբ յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան, որ կը գտնուէր Պրիւքսելի մէջ։ Լրագրողներու հարցումներուն պատասխանելով՝ նախարար Միրզոյեան ըսաւ. «Դուք ճիշդ էք, հանդիպումը տեղի չունեցաւ, սակայն կրնամ վստահեցնել, թէ մենք կը շարունակենք այս հանդիպումը կազմակերպելու շուրջ մեր քննարկումները։ Կան որոշ թեքնիկ մանրամասնութիւններ, որոնք կողմերը պէտք է համաձայնեցնեն։ Կը յուսամ, թէ յառաջիկայ օրերուն կամ շաբաթներուն, հանդիպումը ի վերջոյ կը կայանայ»։
Զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ զրուցելու ժամանակ Միրզոյեան անդրադարձաւ նաեւ Երեւանի կողմէ՝ որպէս առաջարկ Պաքուին ներկայացուած վեց կէտերուն։ Ան ըսաւ.
«Ցարդ մենք Ատրպէյճանի կողմէ այս կէտերու վերաբերեալ դրական արձագանգ մը չենք լսած։ Ես կրնամ միայն ընդգծել մեր պատրաստակամութիւնը եւ մեր յանձնառութիւնը՝ մեր տարածաշրջանէն ներս խաղաղութիւն եւ կայունութիւն ունենալու համար։ Բայց սա ունենալու համար անհրաժեշտ է երկու կողմերու պատրաստակամութիւնը։ Մենք հրապարակած ենք խաղաղ գործընթացի մեր տեսլականը։ Եւ մենք ի սկզբանէ ըսած ենք, որ Ատրպէյճանի առաջարկած կէտերուն մէջ հայկական կողմի համար անընդունելի ոչինչ կայ, սակայն, այդ կէտերը չեն հասցէագրեր հաւանական ու ակնկալուող խաղաղութեան պայմանագրի ամբողջ օրակարգը եւ առկայ խնդիրներու ամբողջական շրջանակը։ Եւ այս առումով մեզի համար կարեւոր է քննարկել Լեռնային Ղարաբաղի իրաւունքներու եւ անվտանգութեան հարցերը, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակը։ Մենք կը կարծենք, թէ կարեւոր է շարունակել խաղաղութեան պայմանագրի շուրջ այս բանակցութիւնները՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան շրջանակներէն ներս ու լիազօրութեան համաձայն։ Ցայսօր մենք Ատրպէյճանի կողմէ այս կէտերու վերաբերեալ դրական արձագանգ մը չենք ստացած։ Բայց դուք գիտէք, որ ջանքեր կը գործադրուին այդ բանակցութիւնները հնարաւոր դարձնելու համար։ Այնպէս որ, ես կրնամ միայն ընդգծել մեր պատրաստակամութիւնը եւ մեր յանձնառութիւնը՝ մեր տարածաշրջանէն ներս խաղաղութիւն եւ կայունութիւն ունենալու համար։ Բայց այս բանը ընելու համար անհրաժեշտ է երկու կողմերու պատրաստակամութիւնը»։
Մինչ այդ, Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդն ալ երէկ Երեւանի մէջ ժողով մը գումարեց՝ գլխաւորութեամբ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, նիստին մասնակցեցաւ նաեւ Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան։ Քննարկուած են խորհուրդի իրաւասութիւններու տիրոյթին վերաբերեալ ընթացիկ հարցեր։ Ժողովը համընկնած է Մոսկուայի մէջ նախատեսուած հանդիպման չեղարկուած օրերուն եւ ներքին քաղաքական լարուածութիւններու շրջանին, սակայն, հրապարակուած զեկոյցին մէջ այդ բոլորին շուրջ որեւէ ակնարկութիւն չէ կատարուած։
Իր կարգին, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովան ալ երէկ յայտարարեց. «Կ՚ակնկալենք, որ յառաջիկային հնարաւոր կ՚ըլլայ գործնական աշխատանքներու սկսիլ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման ուղղութեամբ»։ Ըստ բանբերին, Մոսկուա հետեւողականօրէն կողմնակից կը մնայ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման հարցերով երկկողմանի յանձնաժողովի ստեղծման եւ Ռուսաստանի աջակցութեամբ ապագայ սահմանագծման։ Բանբերը յիշեցուց Սոչիի մէջ Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն կողմէ ստորագրուած եռակողմանի յայտարարութեան բովանդակութիւնը։ Ուստի, անհրաժեշտ է քայլերու ձեռնարկել Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի կայունութեան մակարդակի բարձրացման համար։ Ան յիշեցուց, որ այս հարցերը վերջերս քննարկուած են նաեւ Տուշանպէի մէջ, ուր Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով մէկտեղած էր Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի իր պաշտօնակիցները՝ Արարատ Միրզոյեանն ու Ճէյհուն Պայրամովը։
Միւս կողմէ, Պրիւքսելն ալ տեղեկացուց, որ Եւրոմիութիւնը ամէն ձեւով կ՚աջակցի Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին, որպէսզի համաձայնութեան պայմանագիր մը հաստատելու պարագային կարողանան զայն կեանքի կոչել։ ԵՄ-ի արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան գերագոյն յանձնակատար Ժոզէֆ Պորել երէկ պատասխանեց լրագրողի մը հարցման, թէ Պրիւքսել անվտանգութեան ի՞նչ երաշխիքներ կրնայ տրամադրել Լեռնային Ղարաբաղի բնակիչներուն՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ համաձայնութիւններու ձեռքբերման պարագային։ Պորել այս մասին ըսաւ. «Մենք իսկապէս ուրախ կ՚ըլլանք, եթէ այդ համաձայնութիւնը ձեռք բերուի։ Եւ մենք կը համագործակցինք երկու երկիրներու հետ, որպէսզի անոնք իսկապէս ձգտին այդ համաձայնագրի հաստատման։ Մենք տակաւին հեռու ենք այդ բանէն, սակայն, եթէ սա տեղի ունենայ, ապա Եւրոմիութիւնը պիտի տրամադրէ հնարաւոր ամէն տեսակ օգնութիւն, որպէսզի աջակցի այդ համաձայնութեան կեանքի կոչման»։